image

Պոլսոյ մէջ փակուած է ձայնասփիւռի «Աչըք Ռատիօ»ն. Պատճառը «Ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործումն է

Պոլսոյ մէջ  փակուած է ձայնասփիւռի «Աչըք  Ռատիօ»ն. Պատճառը «Ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործումն է

Թուրքիոյ Ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան գերագոյն խորհուրդը «Açık Radyo» ձայնասփիւռի կայանէն ետ կանչած է հեռարձակման արտօնագիրը: 

Այս մասին կը կարդանք Փարիզ հրապարակուող «Նոր Յառաջ»էն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

Թուրքիոյ զանգուածային լրասփիւռներու գերատեսչութիւնը արտօնագիրը ջնջելով փակած է Պոլսոյ մէջ գործող Açık Radyo ձայնասփիւռի կայանը, որովհետեւ վերջինիս հիւրը խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին՝ գործածելով «ցեղասպանութիւն» եզրը, զոր կը մերժէ Թուրքիա:

Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի բնագաւառը վերահսկող RTÜK-ը նախապէս հինգ օր հեռարձակման արգելք սահմանած էր նշեալ ձայնասփիւռին՝ խնդրոյ առարկայ յայտարարութիւնը որակելով «ատելութեան հրահրում», նախապէս կայացնելը փակումի որոշումը։

Թուրքիոյ Լրագրողներու միութիւնը յայտարարած է, թէ RTÜK-ի որոշումը հարուած մըն է խօսքի ազատութեան:

«RTÜK-ը պէտք է ըլլայ անկախ կառոյց եւ պէտք է անյապաղ չեղեալ նկատէ այս որոշումը»,– X-ի էջին հրապարակած յայտարարութեան մէջ պնդած է Միութիւնը։