Պատմութեան մէջ առաջին անգամ, Տիրոջ Գերեզմանի տաճարը ամբողջովին փակուած է, եւ անոր ներսը դադրած են բոլոր եկեղեցական պաշտամունքներն ու արարողութիւնները։ Տաճարը փակուած է տակաւին փետրուար 28-ին՝ շրջանին մէջ սրացող լարուածութեան եւ Իրանի հետ հակամարտութեան խորացման պայմաններուն մէջ, սակայն այս զարգացումը հանրութեան լայն շրջանակներուն յայտնի դարձած է միայն աւելի ուշ։
Սուրբ քաղաքին սրտին մէջ գտնուող այս տաճարը, որ քրիստոնէական աշխարհի ամենասրբազան վայրերէն մին է եւ կապուած է Յիսուս Քրիստոսի խաչելութեան, թաղման եւ յարութեան աւանդութիւններուն հետ, եւ այն երբեւէ այսպիսի ամբողջական փակման չէր ենթարկուած, նոյնիսկ ամենածանր պատերազմներու եւ ճգնաժամերու ընթացքին։
Տաճարին փակումը ոչ միայն կրօնական, այլեւ խորհրդանշական խոր նշանակութիւն ունի՝ անդրադառնալով շրջանի ընդհանուր անկայունութեան։
Մեծ Պահքի այս օրերուն, երբ սովորաբար հազարաւոր ուխտաւորներ կը հաւաքուին Երուսաղէմ՝ մասնակցելու աղօթքներու եւ արարողութիւններու, տաճարը կը մնայ լուռ ու ամայացած։ Եկեղեցական շրջանակներուն մէջ մտահոգութիւն կայ, թէ այս իրավիճակը կրնայ շարունակուիլ մինչեւ Սուրբ Զատիկ, ինչ որ աննախադէպ զարգացում մը պիտի ըլլայ քրիստոնէական օրացոյցին մէջ։
Միեւնոյն ժամանակ, լարուածութիւնը կը շօշափէ նաեւ այլ սրբավայրեր։ Ալ-Աքսա մզկիթը՝ իսլամական աշխարհի կարեւորագոյն սրբավայրերէն մէկը, 1967-էն ի վեր առաջին անգամ փակուած է Ռամատան ամսուան վերջին ուրբաթ օրը։ Այս քայլը կը կապուի ընթացող ռազմական զարգացումներուն եւ անվտանգային լուրջ մտահոգութիւններուն հետ։
Երուսաղէմի մէջ այս երկակի փակումը՝ թէ՛ քրիստոնէական եւ թէ՛ իսլամական սրբավայրերու, կը վկայէ, որ տարածաշրջանը կը գտնուի բացառիկ լարուածութեան փուլի մը մէջ, ուր կրօնական կեանքը եւս ուղղակիօրէն կը տուժէ քաղաքական ու ռազմական զարգացումներէն։ Տեղական եւ միջազգային շրջանակներ կը շարունակեն հետեւիլ իրավիճակին՝ յոյս ունենալով, որ սրբավայրերը շուտով պիտի վերաբացուին եւ պիտի վերականգնուի բնականոն կրօնական կեանքը։