Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Յունուար 2023, Ուրբաթ երեկոյ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ յարակից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ ընդունեց համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներու տօնական շնորհաւորութիւնները։
Նորին Ամենապատուութիւնը, իր շուրջ ունենալով Աթոռոյս վեղարաւոր միաբաններն ու քահանայ հայրեր, ժամը 15.30-ին իջաւ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահ եւ աղօթքով բացաւ հաւաքը։ Մեր Հոգեւոր Պետը ապա իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ այս Ս. Ծննդեան Տօնը եղաւ բարեդէպ, քանի բոլորովին վերցան համավարակի պայմանները եւ առաջին անգամ է որ համայնքային սոյն հաւաքը տեղի կ’ունենայ նախկիններուն նման։ Պատրիարք Հայրը ուրախութիւնը յայտնեց նաեւ, որ կատարուած են համայնքային ընտրութիւնները եւ մնացած են միայն Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան եւ Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդի ընտրութիւնները։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ ստացուած շնորհաւորութեանց եւ կարդաց Ստանպուլի Կուսակալ Ալի Երլիքայայի շնորհաւորականը։
Ապա համայնքային դէմքերէ փափաքողներ խօսք առնելով իրենց կարծիքները յայտնեցին եւ գաղափարի փոխանակումներ տեղի ունեցան։
Հաւաքը վերջ գտաւ աղօթքով ու Ամենապատիւ Տիրոջ տուած օրհնութեամբ։ Ապա ներկաներ օրհնեալ նուռ ստացան եւ աջհամբոյրով շնորհաւորեցին մեր Հոգեւոր Պետը, միաբան հայրերը եւ զիրար։