image

Պոլսոյ հրապարակներէն մին՝ հանրայայտ «Պալեան»ներու անունով

Պոլսոյ հրապարակներէն մին՝ հանրայայտ «Պալեան»ներու անունով

Սթամպուլի Սկիւտար թաղամասի հայկական Սուրբ Խաչ գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան ամենայայտնի հայ ճարտարապետներու՝ Պալեաններու ընտանիքին յիշատակի միջոցառումը։

Միջացառման մասնակցած են Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը, Սթամպուլի քաղաքապետը եւ պոլսահայ յայտնի գործիչներ։

Սթամպուլի քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն մեծ կարեւորութիւն տուած է Պալեաններու ընտանիքի ճարտարապետական գործունէութեան՝ շեշտելով, որ այն հարստացուցած է Սթամպուլի մշակութային ժառանգութիւնը։  Սթամպուլի քաղաքապետը շեշտած է, որ իր ձեռքէն եկածը պիտի ընէ, որպէսզի Պալեաններու անունով հրապարակներէն մէկը անուանակոչուի։

Պոլսոյ Հայոց Սահակ Արք. Մաշալեան պատրիարքը գոհունակութիւն յայտնած է քաղաքապետի այս նախաձեռնութեան առթիւ։

Նշենք, որ Պալեանները Օսմանեան կայսրութեան ամենայայտնի ճարտարապետներն էին։ Պալեանները կառուցած են Սթամպուլի մէջ շքեղ պալատներ, կամուրջներ, մզկիթներ, եկեղեցիներ եւ տարբեր նշանակութեան շէնքեր։