image

Պոլսոյ Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցւոյ երգչախումբը այցելեց Յունաստանի Ալեքսանտրոփոլի քաղաքը

Պոլսոյ Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցւոյ երգչախումբը այցելեց Յունաստանի Ալեքսանտրոփոլի քաղաքը

Օրերս, Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցւոյ երգչախումբը Յունաստանի Ալեքսանտրոպոլ քաղաքը այցելութիւն մը ունեցած է։ Երգչախումբի անդամները մաս կազմած են 1875-ին հիմնուած պատմական Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ «Ժամանակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Գատըգիւղցիներու խումբ մը վերջերս այցելեց Յունաստանի Ալեքսանտրոփոլի քաղաքը։ Թաղի Ս. Թագաւոր դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները բաղկացուցին այս խումբին կորիզը։ Ներկայ էր նաեւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խուրհուրդի ատենապետ Սարվէն Սերթշիմշէք։

Գատըգիւղցիները Ալեքսանտրոփոլիի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի երգեցողութիւն կատարեցին՝ ղեկավարութեամբ Սեւան Շէնճանի։ 1875 թուականին հիմնուած այս գողտրիկ սրբավայրի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Դանիէլ Քհնյ. Քալօղլեան մատոյց Ս. Պատարագը, որու աւարտին տեղւոյն ծխական խորհուրդը բացօթեայ հիւրասիրութիւն մը սարքեց երգեցիկ դպիրներուն համար։ Հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտը այս փուլին ալ շարունակուեցաւ, մինչ գատըգիւղցիները վառ տպաւորութիւններով վերադարձան Ալեքսանտրոփոլիէն։