Երեւանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ պաշտամունքը 9 Օգոստոսին առանձնացաւ եղբայրական հաղորդակցութեան եւ միասնական աղօթքի մթնոլորտով։ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ՝ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, միանալով պաշտամունքին, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած յանուն Հայաստանին, հայ ժողովուրդին եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն ու ժողովուրդներուն՝ շեշտելով միասնութեան, խաղաղութեան եւ ծառայութեան կարեւորութիւնը։
Կիրակի, 9 Օգոստոս 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան միացաւ Երեւանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ պաշտամունքին, մատուցելով հովուական աղօթք։ Ան աղօթքը սկսաւ Սաղմոս 133.1-ի մէջբերումով՝ «Ահա ո՜րչափ բարի եւ ո՜րչափ վայելուչ է, որ եղբայրները միասին բնակին»՝ Աստուծոյ յանձնելով Հայաստանն ու մեր ժողովուրդը եւ աղօթելով հայրենիքի ապահովութեան, երկրի առաջնորդներուն իմաստութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան միասնութեան համար։ Աղօթքին մէջ յիշուեցան նաեւ Իրանի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ եկեղեցիներն ու ժողովուրդները՝ հայցելով Աստուծոյ պահպանութիւնն ու զօրակցութիւնը անոնց կեանքին եւ ծառայութեան մէջ, եւ աղօթելով, որ խաղաղութիւնը տիրէ Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի այլ վայրերու մէջ, ուր ժողովուրդներ կը շարունակեն ապրիլ պատերազմի, հակամարտութեան եւ անորոշութեան պայմաններու տակ։ Պաշտամունքը եղաւ հոգեւոր հաղորդակցութեան եւ եղբայրական միասնութեան
գեղեցիկ առիթ՝ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ մէկութեան եւ մեր ժողովուրդին ծառայելու կոչումին մէջ։
