Գալիֆորնիոյ Որմնադրական կազմակերպութիւնը՝ «Քալիֆորնիոյ Գերագոյն Օթեակ»ը, Արա Մալոյեանը կը ներկայացնէ իբրեւ իր նոր Գերագոյն Վարպետ։
Հայկական ծագումով Արա Մալոյեան, որ 1999 թուականին անդամակցած է մասոնական շարժումին, տարիներու ընթացքին ստանձնած է ղեկավար պաշտօններ Գալիֆորնիոյ Որմնադրական օթեաններուն մէջ։ Ան նաեւ կապեր ունեցած է Հայաստանի Որմնադրական շրջանակներուն հետ՝ Երեւանի Ուաշինկթըն թիւ 4 օթեակին մէջ ծառայելով իբրեւ աւագ պահապան։
Մալոյեանի գործունէութիւնը կը կապուի նաեւ Գալիֆորնիոյ Արարատ թիւ 848 օթեակին հետ։ Ան իր խօսքերուն մէջ կարեւորութեամբ շեշտած է հանդուրժողականութեան, հոգեւոր զարգացման եւ տարբեր կրօնական ու ազգային ծագում ունեցող մարդոց միջեւ միասնութեան սկզբունքները։
Գալիֆորնիոյ «Գերագոյն Օթեակ»ը նահանգի Որմնադրական գլխաւոր կառոյցներէն մին է, որ կը համակարգէ հարիւրաւոր օթեակներու գործունէութիւնը եւ կը զբաղի բարեսիրական ու կրթական ծրագիրներով։