Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն կը կարդանք՝
Հոլիվուտի ոսկեդարու անմոռանալի զգեստներուն ետին կանգնած էր իրանահայ արմատներով տաղանդաւոր արուեստագէտ մը՝ Ռէյ Աղայեան։
Այս հանրայայտ զգեստայարդարողը, որ եղած է «Էմմի»ի մրցանակակիր եւ երեք անգամ թեկնածու առաջադրուած է «Օսքար»ի մրցանակաբաշխութեան մէջ, ոչ միայն իր անզուգական ստեղծագործութիւններով կնիք դրաւ շարժանկարի եւ պատկերասփիւռի աշխարհին վրայ, այլեւ իր գեղարուեստական մտածողութեամբ նշանակալի ներդրում ունեցաւ ամերիկեան զգեստայարդարման արուեստի զարգացման մէջ։
Ռէյ Աղայեան ծնած է 28 Յուլիս 1928-ին, Թեհրանի մէջ, բարեկեցիկ իրանահայ ընտանիքի մը յարկին տակ։ Վաղ տարիքին այրիացած մայրը Փեհլեւի արքայական պալատի պաշտօնական դերձակուհին էր եւ անոր շնորհիւ Ռէյ փոքր տարիքէն իսկ մօտէն ծանօթացաւ բարձր նորաձեւութեան աշխարհին։ Տակաւին 13ամեայ պատանի էր, երբ մասնակցեցաւ Շահ Մոհամմատ Ռըզա Փեհլեւիի պալատին համար պատրաստուող զգեստներու ձեւաւորման աշխատանքներուն։ Իր առաջին ձեւագծումը նախատեսուած էր շահի տիկնոջ՝ Եգիպտոսի արքայադուստր Ֆեւզիա Ֆուատի համար։ 1940-ական տարիներուն Աղայեան հաստատուեցաւ Ամերիկա, ուր նախ փորձեց իր ուժերը ճարտարապետութեան եւ դերասանական ասպարէզներուն մէջ։ Կարճ ժամանակ յետոյ անդրադարձաւ, թէ իր իսկական կոչումն էր զգեստներու ձեւաւորումն ու բեմական հագուստի արուեստը։ 1950-ականներու վերջաւորութեան սկսաւ աշխատիլ պատկերասփիւռի բնագաւառին մէջ՝ պատրաստելով զգեստներ Ֆրետ Ասթէրի, Ճուտի Կարլընտի եւ ժամանակի բազմաթիւ այլ հանրածանօթ արուեստագէտներու յայտագրերու համար։ 1967-ին, իր երկարամեայ գործընկեր Պապ Մաքիի հետ, արժանացաւ իր առաջին «Էմմի» մրցանակին՝ «Էլիս թրու տհը լուքինկ կլէս» ժապաւէնի զգեստներու ձեւաւորման համար։
Երկու արուեստագէտներուն համագործակցութիւնը տեւեց մօտաւորապէս կէս դար։ Աղայեան երեք անգամ առաջադրուեցաւ «Օսքար»ի՝ «Կէյլի կէյլի», «Լէյտի սինկս տհը պլուզ», եւ «Ֆանի լէյտի» ժապաւէններուն համար ստեղծած զգեստներուն շնորհիւ։ Անոր գործերը կը յատկանշուէին մանրամասնութիւններու նկատմամբ բացառիկ ուշադրութեամբ, համարձակ գոյներու ընտրութեամբ եւ դերակատարներու կերպարները ճշգրտօրէն արտայայտելու կարողութեամբ։
Ան ստեղծագործած է Պարպրա Սթրէյզընտի, Տայանա Ռոսի, Ռեքս Հարիսընի եւ բազմաթիւ այլ աշխարհահռչակ արուեստագէտներու համար։ Միեւնոյն ժամանակ Ռէյ Աղանեան ստորագրած է նաեւ «Օսքար»ի մրցանակաբաշխութեան եւ 1984-ի Լոս Անճէլըսի ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսութեան զգեստներու ձեւաւորումները։
2008ին «Քոսթիւմ Տիզայնըր Կիլտ»ը Ռէյ Աղայեանը պարգեւատրեց «Կեանքի ընթացքի ձեռքբերում» մրցանակով՝ արժեւորելով անոր երկարամեայ եւ բացառիկ վաստակը։ Բացի զգեստայարդարիչի իր գործունէութենէն, ան աշխատեցաւ նաեւ որպէս արտադրիչ եւ խորհրդատու՝ մասնակցելով Հոլիվուտի մեծաթիւ նշանաւոր արտադրութիւններու։ Իր ամբողջ ստեղծագործական ուղիին ընթացքին անոր ամենամօտ գործակիցը Պապ Մաքին էր, որուն հետ ունեցած համագործակցութիւնը վերածուած էր հաստատուն բարեկամութեան եւ փոխադարձ ներշնչանքի։
Ռէյ Աղայեան մահացաւ 10 Հոկտեմբեր 2011-ին, Լոս Անճէլըսի մէջ, սրտի կաթուածի հետեւանքով։ Նրբաճաշակութիւնը, ստեղծագործ երեւակայութիւնն ու գեղագիտական բարձր ճաշակը Ռէյ Աղայեանը դարձուցին ամերիկեան զգեստայարդարման արուեստի ամենէն յարգուած ու յիշատակելի դէմքերէն մէկը։