image

Պոլսահայ նուիրեալ եկեղեցականին՝ Վարդապետական աստիճան (Լուսանկար)

Պոլսահայ նուիրեալ եկեղեցականին՝ Վարդապետական աստիճան (Լուսանկար)

Օրերս Մայր Աթոռի կամարին տակ Պոլսոյ Հայոց Միաբանութեան նուիրեալ անդամներէն՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ աբղ. Սերովբեանին տրուած է վարդապետական աստիճան։

Բնականաբար աստիճանի տուուչութեան նախորդած է  վարդապետական թէզի պաշտպանութիւնը ի ներկայութիւն Մայր Աթոռի կողմէ նշանակուած կրօնական-դատական խորհուրդին։

Այս մասին վերահասու կը դառնանք Պոլսոյ մեր գործընկեր ՝«Ժամանակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան  վարդապետական գաւազան պիտի ստանայ Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց պատմական վանքի կամարներուն ներքեւ։ Ինչպէս ծանօթ է, ան այս օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը գտնուի՝ ընկերանալով Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որ կը մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։

Աւելի  վաղ  Նորին Սրբութեան օրհնութեամբ, Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի վարդապետական թեզի բանաւոր պաշտպանութիւնը։ Ան մասնաւոր վարդապետական աստիճան ստանալու համար թեզ մը պատրաստած էր եւ այդ մէկը պաշտպանեց՝ համապատասխան մասնագիտական յանձնաժողովին առջեւ։ Հայր սուրբի թեզի նիւթն էր՝ «Թարգմանական կրօնական երկերը 18-րդ դարու պոլսահայ գրատպութեան մէջ»։

Մասնագիտական յանձնաժողովին գլուխը կը գտնուէր Տաւուշի թեմի առաջնորդ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան։ Յանձնաժողովի կազմին մէջ էին՝ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան, Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Տ. Մկրտիչ Եպսկ. Պռոշեան, Մասիաձոտնի թեմի առաջնորդ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ, նաեւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեան։

Պաշտպանութեան ընթացքին Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան ներկայացուց իր վարդապետական թեզը, պատասխանեց յանձնաժողովի անդամներու եւ ներկաներու հարցումներուն։

Յաւարտ բանաւոր պաշտպանութեան՝ քննիչ յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն տուաւ վարդապետական թեզի պաշտպանութեան եւ հայր սուրբը արժանի համարեց՝ մասնաւոր վարդապետական աստիճանի շնորհման համար։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հաղորդեց, որ Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ, ըստ ձեւաւորուած աւանդութեան, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի մասնաւոր վարդապետական աստիճանի տուչութեան յատուկ արարողութիւնը։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան վաղը վարդապետական գաւազան պիտի ստանայ՝ ամենայն հաւանականութեամբ ձեռամբ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանը ու կը մաղթենք, որ ան շարունակէ իր բեղուն ծառայութիւնը հոգեւոր անդաստանէն ներս։