Շիշլի մարզակումբը՝ դպրոցական արձակուրդի ընձեռած հնարաւորութենէն օգտուելով, կազմակերպած է քառօրեայ ճամբար մը՝ իր պատանի մարզիկներուն համար։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։
Ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը՝
Շիշլիի Մարզական ակումբը 24-27 Յունիսին ամառնային ճամբար կազմակերպեց Հեյպէլի կղզիի վրայ, քառօրեայ անմոռանալի յայտագիր մը պատրաստելով վոլէյպոլի ու պասքէթպոլի մարզադպրոցներու սաներուն համար։
Մասնակիցները, փորձառու մարզիչներու ղեկավարութեամբ, իրարու հետ համատեղեցին մարզանքն ու զուարճութիւնը։ Բացի մարզական պարապմունքներէն, կազմակերպիչները պատրաստած էին նաեւ կրթական ու ստեղծագործական գործունէութիւններ։ Ճամբարի չորս օրերը նպաստեցին որ մարզիկ-մարզուհիներու մօտ ամրապնդուի խմբային ոգին, ձեւաւորուին նոր բարեկամութիւններ եւ արձանագրուին անմոռանալի յիշողութիւններ։
Բոլորն ալ գոհունակ տրամադրութեամբ վերադարձան ճամբարէն, արդէն իսկ ցանկութիւն յայտնելով իրենց տեղերը ամրագրել յաջորդ տարի կայանալիք ճամբարի համար։