Հայ համայնքի հաւատքն ու ազգային ինքնութիւնը պահպանելու ճանապարհին՝ եկեղեցական կեանքը միայն ծէս ու աւանդութիւն չէ, այլ նաեւ սերունդները իրարու կապող կարեւոր օղակ մը։ Այս ոգիով ալ Պրազիլիոյ հայկական համայնքը համախմբուեցաւ իր տարեկան Մատաղի առիթով։
Ստորեւ այդ առթիւ Պրազիլիոյ Թեմին կողմէ հրապարակուած լրատւութիւնը՝
Կիրակի , 30 Օգոստոս, 2026-ին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Պէրպերեան այցելեց Օզասքոյի հայ համայնք՝ մասնակցելու տեղի տարեկան Մատաղին։
Սրբազան Հայրը նախագահեց Սուրբ Պատարագին եւ անդրադարձաւ Մատաղի խորքին՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ երախտագիտութեան, զոհաբերութեան, բաժնեկցութեան եւ համայնքային միութեան արտայայտութիւն։
Ան շեշտեց նաեւ հայ քրիստոնէական հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան պահպանման պատասխանատուութիւնը՝ յատկապէս կարեւորելով մանուկներու եւ երիտասարդներու մասնակցութիւնը համայնքային կեանքին, որովհետեւ անոնք համայնքին ապագան կը ներկայացնեն։
Թեմակալ Առաջնորդը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պօղոս Աւ. Քհնյ. Պարոնեանին՝ իր նուիրեալ հովուական ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ համայնքի գործադիր վարչութեան, կազմակերպութիւններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց գործուն մասնակցութիւնը կը բերեն Օզասքոյի հայ համայնքի կեանքին ու զարգացման։
Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսուհի Տիկ. Հիլտա Տիրուհի Պուրմայեան, որ ապա մասնակցեցաւ Մատաղի աւանդական ճաշին։
Համայնքային այս տարեկան հանդիպումը եւս մէկ առիթ հանդիսացաւ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու, համայնքային կապերը ամրապնդելու եւ յանձնառութիւնը վերանորոգելու՝ հայ հաւատքն ու ժառանգութիւնը ապագայ սերունդներուն փոխանցելու համար։




