image

Պոլիս. Շիշլիի Մարզական ակումբը նշեց իր հիմնադրութեան 80-ամեակը

Պոլիս. Շիշլիի Մարզական ակումբը նշեց իր հիմնադրութեան 80-ամեակը

Օրերս, Շիշլի մարզական ակումբի 80-ամեակը յոբելենական շքեղ հանդիսութեամբ նշուած է Գնալը կղզիի մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Շիշլիի Մարզական Ակումբը մեծ շուքով եւ հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ նշեց իր հիմնադրութեան 80-ամեակը։ Յոբելենական ճաշկերոյթը սարքուեցաւ Գնալը կղզիի «Թէոս» ճաշարանին մէջ՝ հիւրերու, հրաւիրեալներու, մարզաշխարհի ներկայացուցիչներու եւ բազմաթիւ շիշլիցիներու խուռներամ մասնակցութեամբ։

Ձեռնարկը իր ներկայութեամբ պատուեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որուն կ'ընկերանային Ա-Գէ-Փէ-ցի հայ երեսփոխան Տոչ. Տօքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, համայնքային հաստատութիւններու, մարզական ակումբներու եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ։

Բացման խօսքը արտասանեց ակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թէքպըչաք, որ համապարփակ ելոյթով մը անդրադարձաւ 80 տարիներու ընթացքին Շիշլիի Մարզական Ակումբին անցած ուղիին։ Ան շեշտելով թէ ակումբը միայն մարզական հաստատութիւն մը չէ եղած, այլ եղած է նաեւ սերունդներ դաստիարակող օճախ մը, վերահաստատեց երիտասարդութեան հետ շարունակելու ու դէպի հարիւրամեակ վստահօրէն քալելու վճռակամութիւնը։

Յոբելենական երեկոն իր գեղարուեստական բաժինով աւելի խանդավառեց սիրտերը։ Երգիչ Պարթեւ Կարեան իր հայերէն կատարումներով ջերմ ու տօնական մթնոլորտ ստեղծեց։ Աւանդական պարերը եւս չմոռցուեցան։

Ճաշկերոյթը անցաւ յոբելենական բարձր տրամադրութեան մէջ։ Ձեռնարկի ընթացքին բազմիցս ընդգծուեցաւ, որ 1946-ին հիմնուած ակումբը այսօր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ դաստիարակելով մարզիկներ, ամրապնդելով բարեկամութիւններ եւ ծառայելով համայնքի երիտասարդութեան։