image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանը Լիբանանի ճամբո՞վ. նախ պէտք է ճանչնալ Լիբանանը

Հայաստանը Լիբանանի ճամբո՞վ. նախ պէտք է ճանչնալ Լիբանանը

Երբ Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ կը սկսին շրջանառութեան մէջ դնել այլ երկիրներու «օրինակները», շատ յաճախ այդ համեմատութիւնները կը կատարուին մէկ-երկու պատկերաւոր արտայայտութիւններով՝ առանց ամբողջական իրականութիւնը նկատի ունենալու։ Այդպէս եղաւ վերջին օրերուն Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ, երբ հնչեց «Լիբանանի պարագան»՝ իբրեւ քաղաքական, տնտեսական եւ պետական անկայունութեան նախազգուշացնող օրինակ։

Սակայն Լիբանանի պարագան պարզ քաղաքական փոխաբերութիւն մը չէ։ Ան երկիր մըն է, որ անցած է ժամանակակից աշխարհի ամենածանր տնտեսական ու ֆինանսական փլուզումներէն մէկուն մէջէն։ Ու հետեւաբար, երբ Լիբանանի անունը կը գործածուի Հայաստանի ապագային կամ ներկայիս մասին խօսելու համար, հարցը միայն այն չէ, թէ արդեօք երկու երկիրներն ունին որոշ ընդհանրութիւններ։ Առաւել կարեւոր հարցը սա է՝ ո՞ր պահու Լիբանանն է, որ կը համեմատենք Հայաստանի հետ։

 Հիմա բացատրեմ։

 2018 թուականի Լիբանանը  եւ 2020 թուականի Լիբանանը, նոյն դրօշն ու նոյն աշխարհագրութիւնը ունենալով հանդերձ, տնտեսական եւ ֆինանսական իմաստով գրեթէ երկու տարբեր իրականութիւններ էին։ Մէկը՝ ծանր պարտքերու եւ խոր կառուցուածքային խնդիրներու տակ գտնուող, բայց տակաւին գործող համակարգով պետութիւն մը։ Միւսը՝ վստահութեան փլուզում ապրած, դրամատնային համակարգը կաթուածահար եղած եւ իր ազգային արժոյթին աղէտալի անկումը տեսած երկիր մը։ Հետեւաբար, «Լիբանանի նման պիտի դառնանք» արտայայտութիւնը կրնայ քաղաքականօրէն ազդեցիկ հնչել, սակայն եթէ ան չի հիմնուիր Լիբանանի նախաճգնաժամային իրականութեան, տնտեսական կառուցուածքին եւ 2019-ի փլուզման պատճառներուն լուրջ ուսումնասիրութեան վրայ, ապա այդ համեմատութիւնը աւելի շատ առասպել կ՚արտացոլացնէ, քան փաստ։

Եւ հոս է, որ կ՚արժէ կանգ առնել ու հարց տալ. արդեօք իսկապէս կը ճանչնա՞նք այն Լիբանանը, որն այսօր ոմանք կը փորձեն բերել Հայաստանի քաղաքական բանավէճին մէջ։

 

 Լիբանանը՝ փլուզումէն առաջ. Համեմատութիւններու վտանգը 

Օրերս Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ տեղի ունեցող քննարկումներու ընթացքին երկու անգամ յիշատակուեցաւ «Լիբանանի պարագան»։

Հայրենի քաղաքական գործիչներ՝ Նարեկ Կարապետեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան, այդ առումով իրենց դիտարկումները կատարեցին։

Չեմ ուզեր հիմա մտնել անոնց քաղաքական տեսակէտներուն ամբողջական վերլուծութեան մէջ։ Սակայն մէկ բան պէտք է ըսել շատ յստակ։

Լիբանանի պարագան Հայաստանի այսօրուան իրավիճակին հետ համեմատելը, առանց Լիբանանի նախաճգնաժամային իրականութիւնը հասկնալու, մեծ սխալ է։

Եւ ասիկա կարծիք չէ։ Թուաբանութիւն է։

Լիբանանը 2019-ի տնտեսական եւ ֆինանսական փլուզումէն առաջ իսկ ունէր լուրջ խնդիրներ։ Պետական պարտքը 2018-ին հասած էր ՀՆԱ-ի շուրջ 151 տոկոսին, իսկ պիւտճէի բացը՝ շուրջ 11 տոկոսի։ Միեւնոյն ժամանակ, երկրի ընթացիկ հաշուի բացը կը գերազանցէր ՀՆԱ-ի 20 տոկոսը։ ԱՄՀ-ն դեռ 2018-ին բացայայտօրէն կը զգուշացնէր այս անհաւասարակշռութիւններուն մասին։

Այսինքն՝ այո՛, Լիբանանը վտանգաւոր վիճակի մէջ էր։

Լիբանանը տակաւին փլուզուած չէր եւ այստեղ է ամբողջ հարցին էութիւնը։

 

2018-ին Լիբանանի մէջ տակաւին կը գործէր հսկայական դրամատնային համակարգ մը։ Դրամատուները կ՚ընդունէին միլիառաւոր տոլարներու աւանդներ, երկրի դրամը՝ լիրան, կապուած էր տոլարին, պետական պարտքը կը ֆինանսաւորուէր, իսկ արտասահմանէն եկող դրամական հոսքերը կը շարունակէին պահել ամբողջ համակարգը։

Արտերկրէն, նաեւ Լիբանանի Սփիւռքէն, դրամական հոսք կար դէպի երկիր։ Դրամատուները այդ գումարները կը հաւաքէին, իսկ պետութիւնը այդ ֆինանսական համակարգին միջոցով կը շարունակէր իր պարտքերու սպասարկումը կատարել։

Այս ձեւաչափը երկար տարիներ աշխատած էր։

Բայց անոր մէջ կար մահացու թուլութիւն մը։

Երկիրը ամէն տարի նոր դրամական ներհոսքերու կարիքը կ՚ունենար։

Երբ վստահութիւնը սկսաւ կորսուիլ, օտար քաղաքացիներու աւանդներն ու այլ արտաքին դրամական հոսքերը սկսան նահանջել։

Եւ 2019-ին համակարգը այլեւս չդիմացաւ ու «պայթեցաւ»։

Համաշխարհային Դրամատունը կը բնորոշէ, որ 2019-ի Հոկտեմբերին Լիբանանի ֆինանսական ճգնաժամը բռնկեցաւ արտաքին դրամական հոսքերու յանկարծակի կանգնումով, որ իր հերթին համակարգային ձախողումներ յառաջացուց դրամատնային համակարգին, պետական պարտքին եւ փոխարժէքին մէջ։

Ահա՛ Լիբանանի պատմութեան այն կէտը, որ շատեր կը մոռնան։

Փլուզումէն մէկ օր առաջ Լիբանանը եւ փլուզումէն մէկ օր ետք Լիբանանը նոյն երկիրը չէին։

Մէկ կողմը՝ ծանր պարտք ունեցող, բայց գործող ֆինանսական համակարգով երկիր մը։

Միւս կողմը՝ դրամատուներու դռները փակող, աւանդները սահմանափակող, լիրան փլուզող եւ քաղաքացիներու խնայողութիւնները սառեցնող երկիր մը։

Հետեւանքը բոլորս գիտենք։

Լիբանանեան լիրան իր արժէքին շուրջ 98 տոկոսը կորսնցուց, իսկ դրամատնային համակարգը փաստօրէն դարձաւ անվճարունակ։

Հետեւաբար, երբ այսօր ոեւէ մէկը կ՚ըսէ՝ «Հայաստանի պարագան կրնայ Լիբանանի նման դառնալ», ես կը կարծեմ, որ առաջին հարցը պէտք է ըլլայ.

Ո՞ր Լիբանանի մասին կը խօսիք։

2018-ի Լիբանանի՞։

Թէ՞ 2020-ի Լիբանանի։

Որովհետեւ այդ երկու Լիբանանները իրարմէ տարբեր էին։

Եթէ նկատի ունին պետական պարտքը, պիւտճէի բացը, տնտեսական աճի դանդաղումը կամ արտաքին անհաւասարակշռութիւնները՝ այո՛, կարելի է որոշ համեմատութիւններ ընել։

Բայց եթէ ամբողջ երկիրը կը ներկայացուի իբրեւ «Լիբանանի նման»՝ առանց նայելու դրամատնային համակարգին, Կեդրոնական դրամատան դերակատարութեան, տոլարային աւանդներուն, արտաքին դրամական հոսքերուն եւ պետական պարտքի կառուցուածքին, ապա այդ համեմատութիւնը իրատեսական չէ։

Լիբանանը փլուզումէն առաջ աղքատացած եւ քանդուած երկիր մը չէր։

Ան ծանր պարտքերու տակ էր, տնտեսական աճը տկար էր, պետական համակարգը լուրջ խնդիրներ ունէր, իսկ քաղաքականութիւնը՝ խորապէս պառակտուած։

Բայց դեռ ունէր գործող դրամատնային համակարգ, միջազգային դրամական հոսքեր, մեծ սփիւռք, ծառայութիւններու մասնագիտացուած ոլորտ, մասնաւոր տնտեսութիւն եւ ամենակարեւորը՝ ֆինանսական համակարգ մը, որ տակաւին կը պահէր ամբողջ շինուածքը։

Ու երբ այդ համակարգին հիմքը՝ վստահութիւնը եւ արտաքին դրամական ներհոսքը, փուլ եկաւ, այն ատեն սկսաւ իսկական աղէտը։

Ուրեմն, ներողութիւն, բայց եթէ Ազգային Ժողովին մէջ «Լիբանանի օրինակը» պիտի բերուի Հայաստանի մասին խօսելու համար, պէտք է նախ Լիբանանը ճանչնալ։

Ոչ թէ առասպելը։

Փաստը։

Որովհետեւ պատմութիւնը համեմատելով՝ առաջին հերթին պէտք է համոզուիլ, որ համեմատուող երկու իրականութիւնները իրապէս համեմատելի են։

 

Եզրակացութիւն մը

Լիբանանի փորձառութիւնը, ուրեմն, պէտք չէ օգտագործուի որպէս պարզ քաղաքական օրինակ, վախեցնելու միջոց կամ պատրաստի բանաձեւ մը՝ Հայաստանի ապագային վերաբերեալ կանխատեսումներ կատարելու համար։ Լիբանանի ողբերգութիւնը մէկ օրուան ընթացքին չըստեղծուեցաւ։ Ան երկար տարիներ կուտակուած տնտեսական անհաւասարակշռութիւններու, պետական պարտքի, սխալ ֆինանսական քաղաքականութեան, արտաքին դրամական հոսքերու նկատմամբ չափազանց կախուածութեան եւ, վերջապէս, ամբողջ համակարգին հանդէպ վստահութեան կորստեան հետեւանքն էր։

Եւ ամէնէն կարեւորը՝ Լիբանանը փլուզումէն առաջ նոյնիսկ տակաւին գործող երկիր մըն էր։ Փլուզումը սկսաւ այն պահուն, երբ գործող համակարգին հիմքերը այլեւս չդիմացան։

Ահա թէ ինչու Հայաստանի մասին խօսելու ատեն Լիբանանի օրինակը բերողները պէտք է նախ ճշգրտեն՝ ի՞նչն է, որ կը համեմատեն, եւ ո՞ր ժամանակաշրջանի Լիբանանին հետ։

Հակառակ պարագային, «Լիբանանացում» բառը կը վերածուի քաղաքական կարգախօսի մը՝ առանց պատմական, տնտեսական եւ ֆինանսական իրական բովանդակութեան։

Երկիրներու միջեւ համեմատութիւններ կատարելը ինքնին սխալ չէ։ Ընդհակառակը՝ ճիշդ համեմատութիւնը կրնայ օգտակար դասեր տալ։ Բայց համեմատելու համար պէտք է նախ ճանչնալ երկու կողմերն ալ, հասկնալ անոնց տնտեսական կառուցուածքները, տարբերութիւնները, վտանգները եւ դիմադրողականութիւնը։

Լիբանանի պատմութիւնը առասպել չէ։ Ան ծանր դաս մըն է։ Բայց դասը ճիշդ հասկնալու համար պէտք է չխառնել փլուզումէն առաջուան Լիբանանն ու փլուզումէն ետք եղած Լիբանանը։

Եւ թերեւս ամենակարեւոր եզրակացութիւնն ալ սա է.

Համեմատութիւնը այն ատեն միայն օգտակար է, երբ ան կը ծառայէ իրականութիւնը հասկնալուն, եւ ոչ թէ՝ իրականութիւնը քաղաքական շահի համար պարզեցնելու։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...