image

Պոլիս. Հայ սաներու իննօրեայ ճամբարը Գնալը կղզիին մէջ

Պոլիս. Հայ  սաներու իննօրեայ ճամբարը Գնալը կղզիին մէջ

Պոլսահայ վարժարաններու աշակերտները հասան Գնալը կղզի, ուր սկսաւ անոնց համար կազմակերպուած իննօրեայ ճամբարային ծրագիրը։ Ճամբարականներուն առաջին իսկ երեկոյին այցելեց Պատրիարքական Փոխանորդ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ Յունաց վանքի եկեղեցւոյ մէջ կատարեց ուխտի աղօթք։ Ծրագիրը կը միտի երեխաներուն ոչ միայն ամառնային հաճելի հանգիստ ապահովել, այլ նաեւ անոնց մէջ ամրապնդել բարեկամութեան, փոխադարձ օգնութեան, համայնքային միասնականութեան, հայկական ու քրիստոնէական արժէքներու գիտակցութիւնը։

Հայ աշակերտներ 11 Օգոստոս 2026, Երեքշաբթի, Գնալը Կղզի հասած են։ Նոյն իրիկուն, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը այցելեց Յունաց վանք, ընկերակցութեամբ Կղզեաց քարոզիչ եւ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի եւ Գեր. Հայր Ճոն Վրդ. Ուըլիի։

Մեր Հոգեւոր Պետը դիմաւորուեցաւ համայնքի անդամներէն Արի Չոլաքի, որ Յունաց Քամփի հետ կապերը կը համակարգէ եւ Յունաց Քամփի պատասխանատու Տիամանտի Քոմվոփուլոսի կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախ առաջնորդուեցաւ վանքի եկեղեցին, ուր կատարեց ուխտի աղօթքը։

Ներկայ եղան նաեւ Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադիրի ներկայացուցիչ Ժանէթ Շիրինօղլու, տնօրէն Գլոտիա Տէմիր, Հրանդ Տինք վարժարանի տնօրէն Հերիքնազ Աւագեան, Էսաեան Սանուց Միութեան ատենապետ Մարիամ Տրամէրեան, Մարալ Պարախումբի ղեկավար Կարպիս Չափքան, վարիչներ, ինչպէս նաեւ պարախումբէ պատանիներ ու երիտասարդներ։

Վանքի բակին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որ սկսաւ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքով։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Արի Չոլաք։ Ան մեծ ուրախութիւն յայտնեց, որ երկար նախապատրաստութիւններէ ետք երեխաները հասած են Գնալը եւ իրենց առաջին օրը սկսած են խանդավառ ապրումներով։ Ան նշեց որ ճամբարի մէջ տղաքը պիտի անցնեն ինը օր՝ լողափային ժամանցով, մարզական խաղերով, շրջապտոյտներով, երաժշտական երեկոներով եւ համատեղ սեղաններով։

Ըստ իրեն, ճամբարի նպատակը միայն հաճելի ամառնային հանգիստ մը կազմակերպելը չէ. կարեւոր է, որ երախաները այստեղ սորվին բարեկամութիւն, փոխադարձ օգնութիւն, բաժնեկցութիւն եւ համայնքային միասնականութիւն։ Չոլաքը յոյս յայտնեց, որ ճամբարը երախաներուն յիշողութեան մէջ պիտի մնայ որպէս այն վայրը, ուր անոնք թէ՛ ուրախ խաղացին, թէ աւելի մօտէն ճանչցան հայկական ու քրիստոնէական արժէքները։ Այս ծիրին մէջ ան յայտնեց, թէ ծրագրին մէջ առանձնայատուկ տեղ պիտի գրաւեն հոգեւոր դասերը, որ պիտի կատարէ Յարութիւն Վրդ.  Տամատեանը։