image

Պոլիս. «Եսայեան» միութեան «Հանդիպում» խորագրով փառատօնը

Պոլիս. «Եսայեան» միութեան «Հանդիպում» խորագրով փառատօնը

 

«Արաս» հրատարակչատան «Եսայեան» միութիւնը շուրջ ամիսէ մը արեւմտահայերէնի շունչը տարածած էր «Հանդիպում» փառատօնի շնորհիւ։

1 Մարտէն սկսեալ Իսթանպուլի զանազան մշակութային կեդրոններուն մէջ «Հանդիպում»ի միջոցով հնչած էր մեր ոսկեղնիկ լեզուն՝ դառնալով արուեստի եւ հանդիպումներու կենդանի հարթակ մը։ Յայտագիրը, համերգներու, աշխատանոցներու, ցուցահանդէսներու եւ ֆիլմերու ցուցադրութիւններու միջոցաւ փորձած էր որպէս կենդանի լեզու արեւմտահայերէնը վերահաստատել քաղաքի մշակութային կեանքին մէջ՝ միաժամանակ համախմբելով թէ՛ հայ համայնքը, թէ՛ քաղաքի արուեստասէրները։

Այս հարուստ ծրագիրին աւարտին փառատօնը թեւակոխած էր իր վերջին շաբաթը՝ շարունակելով համախմբել տեղական եւ արտասահմանեան մասնակիցներ։ Իսթանպուլ ժամանած էին Ֆրանսայէն Սերժ Աւետիքեանն ու Անահիտ Սարգիսեանը, ինչպէս նաեւ Յունաստանէն ուտի վարպետ Հայկ Եազըճեան։

Եզրափակիչ շաբաթուան մեկնակէտը դրուած էր «Մեյտան» ցուցահանդէսին զուգահեռ կազմակերպուած հրապարակային զրոյցով մը։ Ցուցահանդէսը համախմբած էր եօթը հայ արուեստագէտներ, որոնց աշխատանքները կը քննարկէին ինքնութեան, պատկանելիութեան եւ հայերէնի հետ առնչութեան հարցերը։

Փառատօնի ծրագիրին մէջ իր ուրոյն տեղը ունեցած էր նաեւ Միհրան Թովմասեանի ղեկավարութեամբ «իմպրովիզասիոն» պարային աշխատանոցը, որ քաջալերած էր ազատ շարժումը՝ զայն դիտելով որպէս երաժշտական արտայայտութեան շարունակութիւն։

27 Մարտին «Փերա թանգարան»ին մէջ ներկայացուած էին Սերժ Աւետիքեանի երեք ժապաւէնները, ապա տեղի ունեցած էր հրապարակային զրոյց բեմադրիչին հետ, իսկ ան նաեւ վարպետութեան դաս տուած էր երիտասարդ արուեստագէտներուն։ Փառատօնի յատկանշական ձեռնարկներէն մէկը Սօլօզ գիւղ այցելութիւնն էր, ուր ծնած է Յակոբ Օշական։ Ծրագիրը ներառած էր փաստագրական ժապաւէնի դիտում, ապա շրջագայութիւն եւ ընթերցումներ՝ յիշողութեան եւ ինքնութեան թեմաներուն շուրջ։

28 Մարտը եղած էր փառատօնի «ամենածանրաբեռնուած» օրը։ Օրը սկսած էր Լեռնա Պապիկեանի «Հայերէն այբուբենով պար» աշխատանոցով, ուր մասնակիցները մարմնի միջոցով բացայայտած էին տառերու շարժական արտայայտութիւնը։ Այնուհետեւ «Արաս» հրատարակչատան հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցած էր գրական հանդիպում Անահիտ Սարգիսեանի հետ։

Նոյն օրը երեկոյեան բեմադրուած էր «Մի՛ յիշեր» թատերախաղը՝ Սահակեան-Նունեան վարժարանի աշակերտներու մասնակցութեամբ։ Ներկայացումը շօշափած էր յիշողութեան եւ մոռացութեան խնդիրները՝ ապագայի եւ արհեստական բանականութեան դիտանկիւնէն, ներշնչուած՝ Զապէլ Եսայեանի, Դանիէլ Վարուժանի եւ Հրանդ Տինքի գաղափարներէն։

 

Փառատօնը փակուած էր նոյն օրը՝ երեկոյեան կազմակերպուած համերգով մը։ Հայկ Եազըճեանի քառեակը ներկայացուցած էր բազմամշակութային երաժշտական յիշողութիւններու միաձուլում՝ անդրադառնալով գաղթի, տարագրութեան եւ հանդիպման թեմաներուն։

 

Լուրը` «Նոր Մարմարա»էն