Պրազիլիոյ հայոց թեմէն ներս, Ապրիլ 24-ին եւ սուրբ պատարագի ընթացքին, առաջնորդ Տ. Նարեկ եպիսկոպոս ՊԷրպէրեանի ձեռամբ կատարուեցաւ «Սրբոց Նահատակաց» պատկերին օծումը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պրազիլիոյ իր աղբիւրէն։
Վազգէն (սարկաւագ) եւ Ներսէս (դպիր) Եկիներեան եղբայրներու բարերարութեամբ եւ ի յիշատակ իրենց եկեղեցասէր ծնողի՝ Բիւզանդ Եկիներեանի հոգւոյն խաղաղութեան եւ անմահութեան, Ս. Գէորգ մայր տաճարին ընծայուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Սրբոց Նահատակաց» շնորհառատ պատկերը: Կարեւոր օր էր Պրազիլիոյ հայոց թեմի հոգեւորականաց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին համար: Պէտք է նշել, որ Պրազիլիոյ մէջ մինչեւ այսօր կ'ապրին Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած շատ մը հայորդիներու սերունդեր, (Մեծամասնութեամբ՝ Մարաշէն եւ Հաճնէն): Դպրաց եւ սարկաւագաց դասը գեղեցիկ եւ հանդիսաւոր կերպով պատկերը վեր բարձրացուց: Գինիով եւ ջրով լուալէ ետք, առաջնորդ սրբազան հայրը «Տէր Աստուած զօրութեանց եւ արարիչ ամենայն լինելութեանց» աղօթքով, Ամենասուրբ Երրորդութեան երկնառաք շնորհները հայցելով պատկերին, օծեց եւ սրբագործեց զայն: «Բազմաթիւ հայորդիներու սրտերուն մէջ միահիւսուած աղօթքը եւ արդարութեան հանդէպ վճռականութիւնը անգամ մը եւս ապացուցուեցան այս արարողութեամբ: Սիրելի´ հայորդիներ, դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը անցած է թշնամիներու մեր արիւնով ներկուած սուրի տակով, բայց հակառակ անոր, հայը եղած է չպարտուող մարդու տեսակ: Այս գաղափարին ապացոյցը մենք տեսանք Արցախեան բոլոր պատերազմներու ժամանակ: Արցախեան վերջին գոյամարտի ընթացքին աշխարհի ժողովուրդներու համար պատուհաս դարձած թրքական ցեղախումբը անգամ մը եւս փորձեց կրկնել պատմութիւնը, բայց մեր զինուորներու, մեր սուրբ նահատակներու պայքարի եւ վճռականութեան շնորհիւ հայը չպարտուեցաւ, յաղթեց գաղափարը, յաղթեց այն զինուորը, որ ապրած եւ դաստիարակուած էր դեռ 100 եւ աւելի տարիներ առաջ գոյացած ոխով: Թող այս պատկերի միւռոնաբոյր անուշահոտութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մեր սուրբ նահատակներու բարեխօսութիւնը խաղաղութիւն եւ անսասանութիւն պարգեւէ Հայաստան եւ Արցախ աշխարհին»: