image

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանը պատնէշի վրայ. Օրերս երկրի առաջին տիկինը գնահատանքի գիր յղած է հայկական վարժարանի տնօրէնութեան

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանը պատնէշի վրայ. Օրերս երկրի առաջին տիկինը գնահատանքի գիր յղած է  հայկական  վարժարանի տնօրէնութեան

Միշտ պէտք է յիշել ու յիշեցնել, որ Հայութիւնը, ինչ ալ ըլլան պայմանները լոյսի եւ լուսաւորութեան ջատագով է. Այդպէս եղած է ու այդպէս ալ պիտի շարունակուի, ինչքան ալ մարդիկ փորձեն անտեսել այդ մէկը ու հանրութեան ներկայանալ բոլորիվին այլ տրամաբանութեամբ։

Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝ 

Հակառակ պատերազմական իրավիճակին լիբանանահայ համայնքի շարժիչ ուժ հանդիսացող դպրոցները կը շարունակեն իրենց դժուար առաքելութիւնը։ 

Հայկական վարժարաններուն մէջ իր ուրոյն դերն ու տեղը կը գրաւէ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանը, որուն կատարած գործը չէ վրիպած երկրի քաղաքական-ընկերային վերնախաւի ուշադրութիւնէն։

Այդ առումով ալ օրերս դպրոցին քաջալերական նամակ մը յղած է Լիբանանի առաջին տիկինը։

Ապահով եմ, որ դպրոցը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւն ու առաջին տիկնոջ այս ուղերձը պիտի դառնայ խթան ու վերածուի համատեղ գործակցութեան ու գործունէութեան։

Միշտ պէտք է յիշել ու յիշեցնել, որ Հայութիւնը, ինչ ալ ըլլան պայմանները լոյսի եւ լուսաւորութեան ջատագով է. Այդպէս եղած է ու այդպէս ալ պիտի շարունակուի, ինչքան ալ մարդիկ փորձեն անտեսել այդ մէկը ու հանրութեան ներկայանալ բոլորիվին այլ տրամաբանութեամբ։

Մենք լոյսը տարածողներ ենք ու այդ կ՚ընենք Քրիստոսի պատգամով ՝ «Ոչ ոք ճրագը չի վառեր ու զայն կաթսայի տակ չի պահեր կամ մահճի տակ չի դներ, այլ կը դնէ աշտանակի վրայ, որպէսզի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն։ Չկայ ծածուկ բան մը, որ չյայտնուի, եւ ոչ ալ գաղտնիք մը, որ չիմացուի ու ի յայտ չգայ» (Մարկոս 4:21-22)

Ստորեւ լուրը ՝

Հանրապետութեան Առաջին տիկին Նէիմաթ Աուն Ուղղակի Հաղորդակցութեամբ Զօրակցութիւն Յայտնեց Մեսրոպեան Վարժարանին

Սուրբ Յարութեան օրհնաբեր տօնին ընդառաջ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը պատիւն ու գեղեցիկ առանձնաշնորհումը ունեցաւ ստանալու Լիբանանի հանրապետութեան Առաջին տիկին՝ Նորին ազնուափայլութիւն Նէիմաթ Աունի անձնական բարեմաղթանքները եւ զօրակցութեան ու քաջալերանքի պատգամները, ուղղուած մեր ամբողջ կրթական ընտանիքին։

Առաջին տիկինը 31 Մարտ 2026-ին հեռաձայնեց Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստին, մանրամասնօրէն հետաքրքրուելով դպրոցի առօրեայով, դիմագրաւած դժուարութիւններով եւ կրթական ընտանիքի բոլոր անդամներուն վիճակով։

Տիկին Աուն բարձրօրէն գնահատեց Մեսրոպեանի աշակերտներուն, ծնողներուն եւ անձնակազմին ջանքերն ու նուիրուածութիւնը՝ շարունակելու կրթական գործընթացը՝ հակառակ Լիբանանի ապրած ծայրայեղ դժուարին պայմաններուն։ Ան փոխանցեց իր գնահատանքն ու ջերմ ողջոյնները եւ խնդրեց, որ անոնք հասնին բոլորին՝ առանց բացառութեան։ «Լաւապէս ծանօթ եմ ձեր գործունէութեան, մեծապէս կը գնահատեմ զայն եւ կը մնամ զօրակից՝ բոլորիդ», շեշտեց Առաջին տիկինը։

Տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Հանրապետութեան Առաջին տիկնոջ ուշադրութեան ընդգծելով, որ նման բարձր հոգածութիւնը կ'ոգեւորէ ամբողջ դպրոցական համայնքը եւ կ'ամրապնդէ կամքը՝ յառաջ տանելու կրթական գործը։ Ան իր հերթին յաջողութեան մաղթանքներ յղեց նախագահ Աունին՝ Լիբանանի ծառայութեան մէջ, եւ վստահեցուց, որ Մեսրոպեան վարժարանը անսասան կը մնայ իր առաքելութեան հանդէպ՝ ի սպաս թէ՛ կրթութեան, եւ թէ՛ Լիբանանեան ազգային պատկանելիութեան պաշտպանութեան։

Մեսրոպեան վարժարանը երախտապարտ է Լիբանանի Առաջին տիկնոջ ցուցաբերած վստահութեան եւ սիրոյն համար եւ կը վերահաստատէ իր պարտքը՝ հաւատարիմ մնալու Լիբանանի ապագայ սերունդները եւ օրինակելի քաղաքացիներ կերտելու անշեղ ուղիին։