Շատ դժուար է, մայրիկ…
Կարծես մղձաւանջի մը մէջ եմ։
Կը թուի թէ վաղը առաւօտ պիտի արթննամ եւ ըսեմ՝ միայն երազ մըն էր այս…
Բայց կը գիտակցիմ, թէ այս ցաւը անփոխարինելի է։ Քեզ այլեւս չտեսնել,
քեզ չգրկել,
քեզ չհամբուրել …
Պոլսէն ցաւով վերահասու դարձանք Մարի Փէքթորոսօղլուի մահուան մասին։
Հանգուցեալը մայրիկն էր Պոլսահայ սիրուած երգչուհի՝ Սիպիլին։
Ան մինչեւ վերջերս կը վայելէր լաւ առողջութիւն եւ չէր ունեցած յատուկ անհանգստութիւններ կամ գանգատներ։ Սակայն վերջին ամիսներուն անակնկալ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան անոր առողջական վիճակին մէջ։ Կարճ ժամանակ մը հիւանդանոց գտնուելէ եւ բժիշկներու հսկողութեան տակ մնալէ ետք՝ վերադարձաւ տուն՝ ապաքինման ակնկալիքով, բայց, դժբախտաբար, առողջութիւնը կրկին վատթարացաւ։
Ան յետագային դարձեալ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, ուր ենթարկուեցաւ վիրաբուժական միջամտութեան։ Գործողութենէն ետք ան գտնուեցաւ խտացեալ խնամքի բաժնին մէջ, ուր ալ, ցաւօք, աւանդեց իր հոգին։
Կը ցաւակցինք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ ստորեւ կը ներկայացնենք հանգուցեալի դստեր՝ Սիպիլի յուզիչ գրառումը իր մայրիկի մասին՝
Այսօր կեանքիս ամէնէն դժուար նամակն է որ գրի կ'առնեմ…
Ինչ որ ալ գրեմ, գիտեմ որ գրիչս անբաւարար պիտի մնայ։ Միշտ կ’ըսէիր՝ «Սիպիլ, որքա՜ն գեղեցիկ կը գրես, որքա՜ն լաւ կը խօսիս… ո՞րմէ առած ես այս շնորհքը»…
Ահա հիմա, երբ ամէնէն շատ պէտք ունիմ գրելու եւ սիրտս քեզի բանալու, բառերը կարծես կը լքեն զիս…
Շատ դժուար է, մամաճիկ…
Կարծես մղձաւանջի մը մէջ եմ։
Կը թուի թէ վաղը առաւօտ պիտի արթննամ եւ ըսեմ՝ միայն երազ մըն էր այս…
Բայց կը գիտակցիմ, թէ այս ցաւը անփոխարինելի է։ Քեզ այլեւս չտեսնել,
քեզ չգրկել,
քեզ չհամբուրել …
Կ’ըսեն՝ բոլոր մայրերը նուիրական են…
Բայց դուն` մեզի համար աշխարհի ամէնէն բարեսիրտ ու մաքրամաքուր մայրն էիր։
Կարինն ու ես բախտաւոր զաւակներ էինք որ Աստուած քեզի պէս աննման մայր մը շնորհեց մեզի։
Բոլորին կողմէ սիրուած, կեանքիդ ընթացքին ոչ ոք վիրաւորած, մեր հրեշտակասիրտ մամաճիկ…
Երանի՜ դեռ կարենայիր պայքարիլ ու չլքէիր մեզ ու մեզի հետ մնայիր…
Երանի՜ տուն գալուս դարձեալ դիմաւորէիր ու քու ջերմ սրտովդ գրկէիր, քու աղօթքներով եւ օրհնութիւններով ճամբէիր զիս …
Հիմա կը հաւատամ, թէ Աստուած քեզ Իր մօտ կանչեց… Քու այս աշխարհի ճամբորդութիւնը այսքան է եղեր…
Սիրտս խորապէս կը ցաւի…
Բայց կը հաւատամ Աստուծոյ կամքին…
Գիտեմ, որ հիմա երկինքէն կը հսկես մեր վրայ,
կը պահես ու կը պաշտպանես մեզ։
Գիտեմ, որ երբեք առանձին պիտի չթողուս մեզ…
Թող Աստուած հոգիդ լոյսերու մէջ հանգչեցնէ,
եւ քու ճամբադ լի ըլլայ երկնային խաղաղութեամբ…
Յաւիտեան կը սիրեմ քեզ, իմ պաշտելի, անզուգական մամաճիկս…
