ՆԱԹՕ-ի եւրոպական անդամները պէտք է հնարաւոր ամէն ինչ ընեն, որ Միացեալ Նահանգները ապագային ըլլայ դաշինքին իրենց յուսալի դաշնակիցը։ Այս մասին ըսած է կազմակերպութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպըրկը։
«Կարեւոր է, որ եւրոպական կողմէն ընենք հնարաւոր ամէն ինչ՝ ապահովելու համար, որ Միացեալ Նահանգները ապագային ըլլայ մեր վստահելի դաշնակիցը»,- ըսած է Սթոլթենպըրկ՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգները այժմ յուսալի դաշնակից է ՆԱԹՕ-ի միւս երկիրներուն համար՝ նկատի ունենալով նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերջին յայտարարութիւնները։
Ան նշած է, որ ներկայիս որոշ տարակարծութիւններ կան Միացեալ Նահանգներու եւ դաշինքի միւս անդամներուն միջեւ, սակայն միայն միասին ըլլալով այդ երկիրները կրնան իրենց ապահով զգալ։
Աւելի վաղ Թրամփ յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգները շատ լուրջ վերանայումի պիտի ենթարկէ ՆԱԹՕ-ի շրջածիրէն ներս վարուող ընթացքը։ Ամերիկայի նախագահի խօսքով՝ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքը չէ աջակցած Ուաշինկթընին Իրանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի հարցով, թէեւ Միացեալ Նահանգները թրիլիոնաւոր տոլարներ կը վճարէ ՆԱԹՕ-ի համար։