«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան Արտաշատի գրասենեակէն բերման ենթարկուածներէն եօթ քաղաքացիի գործով դատական նիստին որոշում կայացուած է 6-ի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրել տնային կալանքը, մէկի նկատմամբ միջնորդութիւնը մերժուած է, եւ ան ազատ արձակուած է, դիմատետրեան էջի միջոցաւ յայտնած է կուսակցութեան անդամ, իրաւապաշտպան Գոհար Մելոյեանը։
Աւելի վաղ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան անդամ Յասմիկ Ամիրզադեանի նկատմամբ կիրառուած է տնային կալանք։
Ապրիլ 16-ին Հակափտածութեան կոմիտէէն յայտնած էին, որ ձերբակալուած է 14 անձ՝ ընտրակաշառք բաժնելու եւ ստանալու մեղադրանքներով։
Յիշեցնենք, որ ապրիլ 14-ին ձերբակալուած էին «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան 2 անդամներ` Գոհար Ղումաշեանը եւ Վերժինէ Ստեփանեանը։ Յաջորդ օրը հակափտածութեան դատարանը անոնց նկատմամբ կիրառած է վարչական հսկողութիւն։