Այո՛, պատերազմը լայնատարած է, բայց զիս ամէնէն աւելի մտահոգողը ծննդավայրիս՝ Լիբանանին մէջ տեղի ունեցած աննկարագրելի ու հրէշային պատերազմն է, որուն պատճառով կան բազմաթիւ անմեղ զոհեր, միլիոնէ աւելի գաղթականներ, անհամար վիրաւորներ, ահաւոր քանդում- աւեր, նիւթական հսկայական վնասներ ու տնտեսական ծաւալուն տագնապներ:
Զատկուան տօնին առիթով շնորհաւորանքներ կը ստանամ աշխարհատարած իմ սիրելիներէս: Հազիւ թոյլ կայծ մը կը փայլատակէ ներսս, բայց շուտով անոր խինդը կը յանգի: Յանցաւոր կը զգամ ուրախանալու, յանցաւոր կը զգամ հանգստաւէտ անկողինիս մէջ քնանալու, յանցաւոր կը զգամ ապահով զգալու...: Խառնիխուռն հոգեվիճակ մը կը տիրէ մօտս, կ՚անդրադառնամ, որ շուտով Լիբանանի պատերազմը իր յիսունմէկերորդ տարեդարձը կ՚աւարտէ եւ ան ծերանալու փոխարէն աւելի կ՚աշխուժանայ: Միայն ես եմ, որ կը ծերանամ եւ պատանեկութեանս սկսած պատերազմին ահն ու սարսափը, անապահովութեան զգացումը, ակամայ կտակած եմ Լիբանան ապրող զաւակիս ու թոռնիկիս:
Նժարին մէկ կողմը Զատիկն է, իսկ միւս կողմը պատերազմին ծանր կշռաքարն է։ Ինչքան ալ փորձեմ տօնը խորհրդանշող պատգամին վրայ կեդրոնանալ, Քրիստոսի յարութեան յաղթանակով ոգեւորուիլ ու խանդավառութեամբ ներշնչուիլ, կը մնամ թերի ու կ՚ապրիմ պատերազմին ստեղծած ծանրութիւնը, որ կը գերակշռէ տօնին պարգեւած դրական տրամադրութիւնը:
Այո՛, պատերազմը լայնատարած է, բայց զիս ամէնէն աւելի մտահոգողը ծննդավայրիս՝ Լիբանանին մէջ տեղի ունեցած աննկարագրելի ու հրէշային պատերազմն է, որուն պատճառով կան բազմաթիւ անմեղ զոհեր, միլիոնէ աւելի գաղթականներ, անհամար վիրաւորներ, ահաւոր քանդում- աւեր, նիւթական հսկայական վնասներ ու տնտեսական ծաւալուն տագնապներ:
Զատկուան տօնին առիթով շնորհաւորանքներ կը ստանամ աշխարհատարած իմ սիրելիներէս: Հազիւ թոյլ կայծ մը կը փայլատակէ ներսս, բայց շուտով անոր խինդը կը յանգի: Յանցաւոր կը զգամ ուրախանալու, յանցաւոր կը զգամ հանգստաւէտ անկողինիս մէջ քնանալու, յանցաւոր կը զգամ ապահով զգալու...: Խառնիխուռն հոգեվիճակ մը կը տիրէ մօտս, կ՚անդրադառնամ, որ շուտով Լիբանանի պատերազմը իր յիսունմէկերորդ տարեդարձը կ՚աւարտէ եւ ան ծերանալու փոխարէն աւելի կ՚աշխուժանայ: Միայն ես եմ, որ կը ծերանամ եւ պատանեկութեանս սկսած պատերազմին ահն ու սարսափը, անապահովութեան զգացումը, ակամայ կտակած եմ Լիբանան ապրող զաւակիս ու թոռնիկիս:
Աւագ շաբաթ է եւ սիրտս պատառ- պատառ է: Կը հետեւիմ ժամերգութիւններուն եւ կը լսեմ Քրիստոսի խաչին վրայ արտասանած խօսքը. « Տէ՛ր, ներէ՛, վասնզի չեն գիտեր, թէ ինչ կ՚ընեն»: Իսկ ես կ՚ընդվզիմ, խիստ կը ցաւիմ, իմանալով, որ այսօրուան ռազմասէր ճիւաղը, արիւնարբուն ու անոր հետեւորդները, նոյն ժողովուրդին զաւակներն են, որոնք Յիսուսը խաչը հանեցին, ոտքերն ու ձեռքերը գամեցին, սրախողխող ըրին, չարաչար արհամարեցին, փուշէ պսակով «թագադրեցին», պապակը քացախով «յագեցուցին» ու այս բոլորէն ետք չարչարեալ Քրիստոսը անոնց համար իր երկնային հօրմէն ներում խնդրեց։
Այսօր 2026 տարիներ ետք «ներեալները», նո՛յն ձեռագիրով, նո՛յն ստորագրութեամբ տակաւին անխղճօրէն ժողովուրդներ կը ջարդեն, կը կեղեքեն, բնակարաններ, հիւանդանոցներ, կրթական հիմնարկներ կը քանդեն, անիրաւաբար հողատարածքներ կը գրաւեն, եւ միեւնոյն ատեն աշխարհին առջեւ զոհի ու զուարակի դերը կը խաղան, ընտրեալի ու գերադասի բարդոյթով կը յամառին, առանձնաշնորհեալի «պատիւը» կը չարաշահեն: Աշխարհը փոթորիկի կը մատնեն պատրուակելով, թէ իրենց համար խաղաղութիւն կ՚ապահովեն: Անվերջ կը ստեն, լրատուական միջոցները կը կաշառեն, իրականութիւնները կը խեղաթիւրեն...: Սիրտխառնուք կ՚ապրիմ, երբ ամենօրեայ լուրերուն իրազեկ կը դառնամ: Կարծես, թէ նոյն հրաշէկ ածուխով կրկին ու կրկին մատներս կ՚այրեմ, մինչ ես անզօր եմ կրակը մարելու, կամ նոյնիսկ անկէ ձերբազատուելու:
Զատիկ է. եւ ես կ՚ուզեմ միմիայն հրաշափառ յարութեամբ հրճուիլ, բայց կը զգամ, որ անկարող եմ։ Չյանգող ու ծաւալող պատերազմը մինչեւ յարութիւն երկարող՝ չարչարանքի հանգրուանը կը յիշեցնէ: Այսօր ալ Պիղատոսները կը լուացուին, «արդարադատները» նոյնիսկ անկարող են մեղկ վճիռներ արձակելու, հետեւաբար գողգոթայի ոդիսականը կ՚երկարի ու կ՚երկարի, ժողովուրդներու ուսին խաչափայտը կը ծանրանայ, արհամարանքը կը ծաւալի, համաշխարհային դիտորդները կ՚անտեսանան...:
Ի տես այս սրտաճմլիկ իրավիճակին, ես ծունկի կու գամ ու կ՚աղերսեմ. «Տէ՛ր, կը խնդրեմ, գէթ ա՛յս անգամ, բարբարոսներուն չներե՛ս, որովհետեւ անոնք անգէտ չեն եւ լա՛ւ գիտեն, թէ ինչ կ՚ընեն...»
Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան