Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի մասնակցութեամբ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած է միջեկեղեցական նշանակութիւն ունեցող հանդիսութիւն մը՝ նուիրուած Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Շուքրի Թումա քահանայի հոգեւորականի քահանայական օծման 50-ամեակի յոբելեանին։
Այդ մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը`
Երկուշաբթի, 13 Ապրիլ 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Հալէպի համայնքապետերուն եւ իրենց ներկայացուցիչներուն հետ ներկայ գտնուեցաւ Ասորի Ուղղափառ համայնքի Շուքրի Թումա քահանայի քահանայական օծման 50-ամեակի նշումին, ներկայութեամբ՝ Ասորի Ուղղափառ Համայնքի Առաջնորդ Պթրոս Քասիս եպիսկոպոսին, «Ֆեհիմէ Քլոր» սրահէն ներս։
Համայնքապետ Վերապատուելին, յանուն Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի շնորհաւորեց Շուքրի Թումա քահանան, իր քահանայական 50-ամեայ ծառայութեան առիթով եւ իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Ասորի ուղղափառ համայնքի Առաջնորդին։