image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Ձեռամբ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշգարեանի Յովհաննէս Յակոբեան բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրուեցաւ

Հալէպ. Ձեռամբ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշգարեանի Յովհաննէս Յակոբեան բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրուեցաւ

Բերիոյ Հայոց Թեմի կեանքին մէջ երբեմն կան պահեր, որոնք լուռ ծառայութեան արժեւորումի խորհրդանիշ կը դառնան՝ վեր հանելով այն նուիրեալ դէմքերը, որոնք տարիներ շարունակ առանց աղմուկի, բայց հաստատ քայլերով կերտած են համայնքային կեանքը։ Այդպիսի վեհ ու իմաստալից մէկ պահ արձանագրուեցաւ Կիրակի, 22 Մարտ 2026-ին, երբ գնահատանքի եւ երախտագիտութեան մթնոլորտի մէջ պատուուեցաւ տիար Յովհաննէս Յակոբեանը՝ իր աւելի քան երեք տասնամեայ անձնուէր ծառայութեան համար։

Այդ օրը դարձաւ ոչ միայն պարգեւատրման արարողութիւն, այլեւ վկայութիւն մը՝ հաւատարմութեան, նուիրումի եւ ազգային պատասխանատուութեան այն ոգիին, որ կը սնուցէ եւ կը զօրացնէ Բերիոյ Հայոց Թեմի հաստատութիւնները։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ Թեմի   պաշտօնական էջով այդ գեղեցիկ առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝

 

Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, ազգային պատուիրակութեամբ այցելեց տիար Յովհաննէս Յակոբեանի բնակարանը, ուր Սրբազան Հօր ձեռամբ օրհնութեան եւ գնահատանքի գիր փոխանցուեցաւ եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի ծառայութեան բարձրագոյն շքանշանով պարգեւատրուեցաւ երկար տարիներու անսակարկ ծառայութիւն ունեցած տիար Յովհաննէս Յակոբեանը, որ աւելի քան 30 ամեայ նուիրական ծառայութիւն մատուցած է Կալուածոց Հոգաբարձութեան, Տէր Զօրի մատրան շինարարութեան յանձնախումբի, գերեզմանատան շինարարական յանձնախումբի, Ընկերային Ծառայութեան Խորհուրդի, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի, ինչպէս նաեւ պետական գրասենեակներու եւ պաշտօնատարերու հետ յարաբերական աշխատանքի գծով համայնքի ի նպաստ իր բերած ներդրումին համար, Կիրակի, 22 Մարտ 2026-ին։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ տիար Հայկազ Ասատուրեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ տիար Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետը։

Սրբազան Հայրը գնահատելով տիար Յովհաննէս Յակոբեանը, յայտնեց, թէ այս պարգեւատրումը գնահատանքի եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն է թեմէն ներս լուռ կերպով իր մատուցած ծառայութիւններուն, նուիրումին եւ օրինակելի ու պատասխանատուութեան ոգիին։

Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ, շքանշանակիրը շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգ. Իշխանութեան՝ այս պարգեւատրումին համար։ Այս առիթով, ան վերյիշեց ազգային ոլորտէն ներս իր գործակիցներուն հետ ապրած յիշատակելի դէպքեր եւ մատուցած ծառայութիւններ։