Օրերս Աթէնքի Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած է աշխատանքային հանդիպում Սփիւռքի գործերու յանձնակատար Միսակ Յովսէփեանի հետ։ Քննարկուեցան Յունաստանի հայ համայնքին վերաբերող հարցեր եւ Հայաստան–Սփիւռք համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։ Կարեւորուեցաւ եկեղեցական եւ համայնքային կառոյցներու դերի ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ համատեղ նախաձեռնութիւններու իրականացումը։
Ստորեւ այդ մասին Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն եպս.ի կատարած գրառումը՝
Այսօր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Յունաստանի թեմի առաջնորդարանին մէջ ունեցայ աշխատանքային հանդիպում Սփիւռքի գործերու յանձնակատար Միսակ Յովսէփեանի հետ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկեցինք Յունաստանի հայ համայնքին առնչուող կարեւոր հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստան–Սփիւռք համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցւոյ եւ համայնքային կառոյցներու դերին ամրապնդման, ազգային ինքնութեան պահպանութեան եւ երիտասարդութեան աւելի աշխոյժ ներգրաւման։
Կարեւորեցինք համատեղ նախաձեռնութիւններու իրագործումը՝ ուղղուած մեր հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային արժէքներու պահպանման ու տարածման։
Հանդիպումը անցաւ ջերմ եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ՝ վերահաստատելով շարունակական համագործակցութեան մեր պատրաստակամութիւնը։