Պոլսոյ հայ համայնքի երկու երիտասարդներ՝ Ալինա Շէլհաթ-Գալայճի եւ Սելէն Կիւլսիւն-Օքթայէր «Կլասսէլ» ապրանքանիշին համահեղինակներն են, որոնք կը ստեղծեն ապակեայ, ձեռագործ եւ գեղագիտական արժէք ունեցող տեքորաթիւ առարկաներ։ Նախաձեռնութիւնը կը միաւորէ ստեղծագործութիւնը, պարզութիւնը եւ ժամանակակից ճաշակը՝ արտացոլելով երիտասարդ սերունդի նորարար ոգին համայնքիս մէջ։
«Արեւելք»-ը այս մասին իմացաւ «Փարոս» ամսագրէն։
«Փարոս» ամսագրի Փետրուարի թիւին մէջ Լարա Մութլուի գրիչէն կը կարդանք.-
Համայնքիս երիտասարդ անդամուհիներէն Ալինա Շէլհաթ-Գալայճը եւ Սելէն Կիւլսիւն-Օքթայէր համահեղինակներն են «Կլասսէլ» ապրանքանիշին։ Երկուքը միասին հարցազրոյց տուած են «Փարոս»ին պատմելով իրենց նախաձեռնութեան մասին։ Անոնք «Կլասսէլ»ը կ'արտադրեն խաղալով ապակիի հետ եւ անոր միջոցաւ թռիչք տալով իրենց երազներուն։
* Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ստեղծուած է «Կլասսէլ» ապրանքանիշը։
Ալինա եւ Սելէն երկար տարիներ իրենց սեփական «Մօսթ քրէաթիֆ» ընկերութեան հովանիի ներքեւ որպէս գովազդային գործակալութիւն աշխատանք կը տանին խորհրդանշաններու, տիզայնի, ընկերային մետիայի կառավարման, թուային ու տպագիր ձեւագծումներու ոլորտներու մէջ։ Տիզայնը անոնց համար միշտ եղած է աւելին, քան ասպարէզը, եղած է՝ հեռանկար ու կենսակերպ։ «Նախապատուութիւնը կուտայինք փոքր, բայց ազդեցիկ իրերու։ Ահաւասիկ ատոր համար է որ որոշեցինք նախագծել մեր սեփական առարկաները», կ'ըսեն երկու ձեռներէցները, ընդգծելով որ «Կլասսէլ»ը ծնունդ առաւ որպէս այս հարցումի պատասխանը։
Այժմ անոնք կը նախագծեն անժամանակ ու իւրայատուկ տեքորաթիֆ ապակեայ առարկներ, ծնունդ տալով իրենց երեւակայութեան։ Պարզութիւնը, ձեռագործ աշխատանքը եւ անժամանակ գեղագիտութիւնը «Կլասսէլ»ի հիմնական տարրերն են։ «Կը նախագծենք առարկաներ, որոնք ներդաշնակ են տարածքի ոգիին, միաժամանակ յստակօրէն կը բացայայտեն տարածքի բնոյթը», կը պատմեն երիտասարդուհիները։ Անոնց առաջին հաւաքածոն կը բաղկանայ ընդհանուր առմամբ 18 իրէ, մեծ մասը ծաղկամաններ, նաեւ մոխրաման, սիկառի պահոց եւ տեքորաթիֆ առարկաներ։
Կը շնորհաւորենք եւ յաջողութիւն կը մաղթենք։

Լուսանկարներ՝ ՓԱՐՈՍ ամսագիր