image
Հրատապ լուրեր:

Նաթանիահու. Մեր ուժերը պիտի շարունակեն մնալ Լիբանանի մէջ

Նաթանիահու. Մեր ուժերը պիտի շարունակեն մնալ Լիբանանի մէջ

Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահուն անվտանգութեան գրասենեակին ըսած է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը պիտի մնայ իր դիրքերուն վրայ՝ Լիբանանի մէջ Ապրիլ 17-ին հրադադարի ուժի մէջ մտնելէն ետք, կը հաղորդէ Ynet-ը։

Աւելի վաղ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ զրուցած է Իսրայէլի եւ Լիբանանի առաջնորդներուն հետ, եւ անոնք համաձայնած են 10-օրեայ զինադադար հաստատել։

«Ես հիմա նոր հիանալի զրոյցներ ունեցայ Լիբանանի մեծ յարգանքի արժանի նախագահ Ժոզէֆ Աունի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պիպի Նաթանիահուի հետ։

Այս երկու առաջնորդները համաձայնութեան եկան, որ իրենց երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար պաշտօնապէս սկսին 10-օրեայ հրադադար։

Ես յանձնարարեցի փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսին եւ արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոյին, ինչպէս նաեւ Զինուած ուժերու ընդհանուր սպայակոյտի պետերու միացեալ կոմիտէի նախագահ Տէն Ռասին Քէյնին համագործակցիլ Իսրայէլի եւ Լիբանանի հետ՝ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար։

Ես պատիւ ունեցած եմ լուծելու աշխարհին մէջ 9 պատերազմ, եւ ասիկա պիտի ըլլայ իմ 10-րդը, ուստի եկէք ընենք զայն», գրած էր ան