Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնի երկար սպասուած հիւրախաղերը Միացեալ Նահանգներու մէջ արդէն իսկ աւարտեցան՝ թողելով խոր տպաւորութիւն Լոս Անճելըսի հայ համայնքին մէջ։
Ապրիլի 7-էն մինչեւ 10-ը, թատրոնը ներկայացուց իր խաղացանկի նշանաւոր գործերէն չորսը՝ «Յաղթանակի գենեզիս»-ը, «Աստղերու հաւատքով»-ը, «Իսկ դուրսը ձիւն է գալիս»-ը եւ «Մարդն ափի մէջ»-ը։
Այս հիւրախաղերը կը հանդիսանային ոչ միայն սպասուած իրադարձութիւն մը Լոս Անճելըսի հայութեան համար, այլեւ կարեւոր հանգրուան՝ թատրոնի ստեղծագործական ուղիին մէջ։
Չորս օր շարունակ բեմը վերածուեցաւ հայ թատերական արուեստի տօնի, որու ընթացքին հանդիսատեսը հնարաւորութիւն ունեցաւ վերագտնելու ժամանակակից հայկական թատրոնին հմայքը։
Ներկայացումներու շարքին մէջ ընդգրկուած «Աստղերու հաւատքով» բեմադրութիւնը միւսներէն զատուեցաւ իր լեզուական առանձնայատկութեամբ՝ արեւմտահայերէնով։ Հոլիվուտի Պարնզտէյլ սրահին մէջ ներկայացուած այս գործը հանդիսատեսին առաջարկեց գրականութեան եւ թատրոնի սերտ միաձուլման բացառիկ փորձառութիւն մը։
Թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, անուանի դերասանուհի եւ բեմադրիչ Նարինէ Գրիգորեանի բեմադրութեամբ, «Աստղերու հաւատքով»-ը յատկանշական տեղ կը գրաւէ հայ թատերական կեանքին մէջ, քանի որ առաջին անգամ հայաստանեան բեմին վրայ ներկայացուած է արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու հիման վրայ կառուցուած ամբողջական դրամատիկական թատերախաղ մը։ Այս իրողութիւնը ներկայացումը կը դարձնէ ոչ միայն գեղարուեստական, այլեւ լեզուամշակութային կարեւոր ձեռնարկ մը։
Թատերախաղը հիմնուած է սփիւռքահայ ժամանակակից բանաստեղծ Վիգէն Յովսէփեանի «Աստղերու հաւատքով» (2023) բանաստեղծութիւններու ժողովածուին վրայ, որ մեծ ընդունելութիւն գտած է թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ։
Բանաստեղծական այս աշխարհը՝ լի ներքին պոռթկումներով, յոյզերով, հիասթափութիւններով եւ ինքնաբացայայտումներով, բեմին վրայ ստացած է նոր կեանք եւ արտայայտչականութիւն։
Համազգային թատրոնի դերասաններ Տաթեւիկ Ղազարեան, Նարեկ Բաղդասարեան, Միլենա Ղազարեան, Յարութիւն Սարգսեան եւ Անդրանիկ Միքայէլեան իրենց դերակատարումներով մարմնաւորեցին այս բանաստեղծական տիեզերքը՝ հանդիսատեսին փոխանցելով զգացական խտացուած փորձառութիւն մը։
Դերասանները իրենց կարգին խոստովանած են, թէ արեւմտահայերէնի իւրացումը սկզբնական դժուարութիւններ ունեցած է, սակայն ընթացքին լեզուն դարձած է իրենց համար հարազատ արտայայտչամիջոց։ Անոնք ընդգծած են, թէ արեւմտահայերէնը՝ իր հնչեղութեամբ եւ երաժշտականութեամբ, յատկապէս վայելած է բեմին՝ խօսքին տալով առանձնայատուկ շեշտ եւ խորք։
Հարկ է նշել, որ այս բեմադրութիւնը նախապէս ներկայացուած էր Երեւանի մէջ՝ աւելի սեղմ տարբերակով, մինչդեռ Լոս Անճելըսի մէջ մատուցուած տարբերակը կը վկայէր ստեղծագործական հասունացման եւ գեղարուեստական նոր բարձրութեան մասին։
Հիւրախաղերու յաջողութեան մէջ էական դեր ունեցաւ նաեւ «Համազգային» ընկերակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կառոյցը, որ այս օրերը վերածեց մշակութային համախմբման բացառիկ առիթի մը։ Լոս Անճըլըսի հայութիւնը ապրեցաւ իսկական տօն՝ նուիրուած հայ գրականութեան, լեզուին եւ թատրոնին։
Համազգային թատրոնի ԱՄՆ-ի հիւրախաղերը աւարտեցան ոչ միայն յաջողութեամբ, այլեւ՝ արժէքային յստակ պատգամով։ Մասնաւորաբար «Աստղերու հաւատքով»-ը դարձաւ վկայութիւն մը այն իրողութեան, որ արեւմտահայերէնը կենդանի է, ստեղծագործ եւ շարունակաբար ընդունակ՝ նոր գեղարուեստական ձեւերու մէջ դրսեւորուելու։
Լոս Անճելըսի այս օրերը, հետեւաբար, պիտի մնան որպէս յիշատակելի հանգրուան մը․ հայ բեմը, բանաստեղծութիւնը եւ լեզուն միաձուլուեցան՝ հաստատելով, թէ մշակոյթը կը շարունակէ իր ճանապարհը՝ անկախ աշխարհագրական սահմաններէն:

