Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի նկատմամբ ռազմական շրջափակումը կը մնայ ուժի մէջ, գրած է Տանըլտ Թրամփը։
«Հորմուզի նեղուցը ամբողջովին բաց է եւ պատրաստ է նաւագնացութեան համար, սակայն ծովային շրջափակումը պիտի մնայ ուժի մէջ եւ պիտի կիրառուի միայն Իրանի նկատմամբ, մինչեւ մեր իրանական գործարքը 100%-ով աւարտի»,- գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը։