image

Հայեցի կրթութիւն՝ ժամանակակից կամուրջներով․ սփիւռքահայ ուսուցչուհիի մը պատմութիւնը

Հայեցի կրթութիւն՝ ժամանակակից կամուրջներով․ սփիւռքահայ ուսուցչուհիի  մը պատմութիւնը

Ինքնութեան պահպանումը եւ հայեցի կրթութեան տարածումը սփիւռքեան պայմաններուն մէջ կը մնան մերօրեայ ամենէն կարեւոր մարտահրաւէրները: Այս ուղիին վրայ, ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանը (ՀՀՀ) կը շարունակէ հանդիսանալ այն հզօր կամուրջը, որ կը միացնէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր արմատներուն եւ լեզուին:

Հայկական Համացանցային Համալսարանի Մագիստրոսական ծրագիրի փայլուն շրջանաւարտներէն Նանոր Թիւթիւնճեան մէկն է անոնցմէ, որոնք անցած են հպարտանք ներշնչող այդ ուղին։  

Ճանապարհ դէպի հայոց լեզուի ակունքները

Նանոր Թիւթիւնճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Հայկական ինքնութիւնը միշտ եղած է իր էութեան անբաժան մասը: Ան յաճախած է ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական վարժարանը, ուր մեծ թափ առած է իր սէրը հայոց լեզուի եւ մշակոյթի հանդէպ: Թէեւ ան բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւանի Պետական Բժշկական Համալսարանի Դեղագիտական բաժնէն, սակայն 2012-ին, պատերազմի հետեւանքով, ստիպուած գաղթած եւ հաստատուած է ԱՄՆ:

2023-էն ի վեր Նանորը կը պաշտօնավարէ ԱՄՆ-ի Գաբայեան նախակրթարանէն ներս՝ որպէս հինգերորդ կարգի հայոց լեզուի ուսուցչուհի: Ան լեզուն կը դասաւանդէ հաճելի ու հետաքրքրական մօտեցումով՝ հաւատալով.

«Երբ լեզուն դասաւանդուի սիրով՝ կը դառնայ ինքնութիւն, ոչ թէ միայն առարկայ կամ դասանիւթ»:

 

Ուսումնառութիւնը՝ առանց սահմաններու

Իր գիտելիքները ամրապնդելու եւ լեզուական հմտութիւնները զարգացնելու նպատակով, Նանորը որոշեց շարունակել կրթութիւնը հայագիտական ոլորտին մէջ: Լայն ուսումնասիրութիւններէ ետք, ան ընտրեց ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի «Լեզուաբանութիւն եւ միջմշակութային հաղորդակցութիւն» մագիստրոսական ծրագիրը:

Ինչո՞ւ յատկապէս ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ն. Ըստ Նանորի, այս համալսարանը ամենէն յարմար ընտրութիւնն էր, քանի որ կը կիրարկէ ճարտարագիտութեան նորագոյն միջոցներ եւ կը մատուցէ մատչելի, ճկուն ու արդիական ծրագիրներ:

Դժուարութիւններու յաղթահարումը Ուսման ընթացքին ան դժուարութիւններու չէ հանդիպած՝ շնորհիւ փորձառու մասնագէտներու: Առանձնայատուկ երախտագիտութեամբ կը յիշէ Կրթական բաժինի տնօրէն Մարինէ Խաչատուրեանը, Արեւմտահայերէնի բաժինի համակարգող Զեփիւռ Ղպլիկեանը եւ մագիստրոսական աւարտաճառի ղեկավար դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանը, որոնց հոգատար ու պարզ մօտեցումը ուսման ընթացքը դարձուցած է վստահելի եւ ներշնչող:

 

Առցանց կրթութեան առաւելութիւնները

Նանորը կը շեշտէ, որ առցանց մագիստրոսական ծրագիրը օժտուած է կարեւոր յատկութիւններով՝ ազատութիւն, ճկունութիւն եւ յարմարաւէտութիւն:

«Ծրագիրը շատ գործնական է. կրնաս ազատօրէն տնօրինել ժամանակդ՝ համատեղելով ուսումը աշխատանքային եւ ընտանեկան պարտականութիւններուն հետ»,-կ՚ըսէ Նանոր։ 

Աւելին, ըստ իրեն, այս ձեւաչափը կը զարգացնէ ինքնակարգապահութիւնը, պատասխանատուութեան զգացումը եւ ժամանակի արժեւորումը:

«Ասիկա կամուրջ մըն է, որ քեզ կը միացնէ աշխարհին ու երազներուդ: Առցանց ծրագիրը պարզապէս նպաստաւոր միջոց մը չէ, այլ երազներդ չյետաձգելու եւ կարողութիւններդ շարունակաբար զարգացնելու իսկական հնարաւորութիւն»։

 

Յորդոր՝ ապագայ ուսանողներուն

Նանոր Թիւթիւնճեան վստահօրէն խորհուրդ կու տայ ՝ հետեւիլ ՀԲԸՄ ՀՀՀ-ի ծրագիրներուն, քանի որ անոնք հնարաւորութիւն կու տան աճելու թէ՛ մասնագիտական եւ թէ՛ անձնական մակարդակներու վրայ: Այս հարթակը կը դառնայ միաւորող ուժ մը, որ զանազան վայրերու մէջ գտնուող հայ ուսանողները կը համախմբէ մէկ մտաւոր համայնքի շուրջ:

 

 Նիւթը հրատարակութեան պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը։

(Օգտուած ենք Հայկական Առցանց Համալսարանի կայքէջէն)