Ատրպէյճանի մաքսային կոմիտէն Հայաստանէն տեղափոխուած ապրանքի վերաբերեալ պարզաբանում տարածած է՝ յայտնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութենէն 960 տոլարի հոլանտական վարդեր վերարտահանուած են, այսինքն՝ ծաղիկները Հայաստան ներմուծուած են Հոլանտայէն, ապա տեղափոխուած են Ատրպէյճան։
«Արտաքին առեւտուրի մաքսային վիճակագրութեան հրապարակման կանոններու համաձայն՝ ներմուծման ժամանակ ապրանքի ծագման երկիրը կը նշուի որպէս գործընկեր երկիր։ Տուեալ պարագային ծաղիկները վիճակագրութեան մէջ արտացոլուած են որպէս ներմուծում Հայաստանէն»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ Ատրպէյճանը այս տարուան Մարտին առաջին անգամ 960 տոլարի արժողութեամբ ապրանք ներմուծած է Հայաստանէն։ Աւելի ուշ Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէն յայտարարած էր, որ Հայաստանէն Ատրպէյճան արտահանման դէպք չէ արձանագրուած։