ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Պրազիլիոյ մէջ քննարկած են երկկողմ կապերը եւ տարածաշրջանային հարցեր, յայտնած է Anadolu գործակալութիւնը։
Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ G-20 արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման շրջածիրէն ներս քննարկուած է նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւնները եւ տարածաշրջանային այլ հարցեր:
Ֆիտանը եւ Պլինքընը միտքեր փոխանակած են այն քայլերու շուրջ, որոնք կրնան ձեռնարկուիլ Կազայի հատուածին մէջ «հնարաւորինս շուտ» լիարժէք զինադադար ապահովելու համար: Քննարկուած է Ուքրանիոյ պատերազմը, ՆԱԹՕ-ի ընդլայնման գործընթացը: