image

Պիտի շարունակեմ պայքարիլ հայ գերիներու ազատ արձակման համար՝ հակառակ Պաքուի ճնշումներուն. Ֆրենք Փալոն

Պիտի շարունակեմ պայքարիլ հայ գերիներու ազատ արձակման համար՝ հակառակ Պաքուի ճնշումներուն. Ֆրենք Փալոն

Ամերիկացի քոնկրեսական Ֆրենք Փալոնը, ոը Պաքուի մէջ կը մասնակցէր ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան COP-29 գագաթնաժողովին, անդրադարձած է իր դէմ եղած բողոքի ցոյցերուն: Ան յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ պայքարիլ ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան եւ հայ գերիներու ազատ արձակման համար՝ հակառակ Պաքուի ճնշումներուն։

«Հակառակ Ալիեւի կազմակերպած կոշտ բողոքի ցոյցերուն՝ խոչընդոտելու իմ մասնակցութիւնը COP29-ին, ես պիտի շարունակեմ պայքարիլ Հայաստանի տարածքային ինքնիշխանութեան, հայ գերիներու ազատ արձակման եւ խաղաղութեան համաձայնագրի համար, որ խաղաղութիւն պիտի բերէ տարածաշրջանին»,- X-ի էջին գրած է Փալոնը։

Նշուած է, որ բողոքի ցոյցերու մասնակիցները հետապնդած են Փալոնը թէ՛ գագաթնաժողովի ընթացքին, թէ՛ հիւրանոցին մէջ: Քոնկրեսականը խուսափած է ֆիզիքական վնասներէ միայն ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան միջամտութեան շնորհիւ։ 

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը արգիլած է Փալոնին մասնակցիլ իր եւ ԱՄՆ Քոնկրեսի անդամներու հանդիպման: Չնայած Փալոնը հանդիպում խնդրած էր Ներկայացուցիչներու պալատի պատուիրակութեան անունով`անոր յատուկ ցուցակէն հեռացուցած են։