Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Ուշաքովը։
«Զրոյցը կեդրոնացած էր Իրանի շուրջ հակամարտութեան եւ Ուքրանիոյ մէջ կարգաւորման բանակցութիւններու շուրջ։ Զրոյցը տեղի ունեցած է ԱՄՆ նախագահի նախաձեռնութեամբ։ Առաջնորդները բովանդակալից եւ օգտակար միտքեր փոխանակած են Իրանի մէջ տիրող իրավիճակի վերաբերեալ։
Փութինն իր տեսակէտները ներկայացուցած է՝ ուղղուած Իրանի մէջ հակամարտութեան արագ քաղաքական եւ դիւանագիտական կարգաւորման։
Ռուսիոյ նախագահը դրական գնահատականներ տուած է ԱՄՆ-ի եւ անձամբ Թրամփի միջնորդական ջանքերուն՝ Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ։ Զրոյցը գործնական, անկեղծ եւ կառուցողական էր»,-նշած է Ուշաքովը։