Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին քննարկած են առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական համագործակցութեան շարք մը հրատապ հարցեր, կը հաղորդէ Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը։
«Հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ քննարկած են առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական համագործակցութեան շարք մը հրատապ հարցեր»,– ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է տարբեր մակարդակներու վրայ երկկողմ շփումները աշխուժացնելու շուրջ։