Ճիշդ է, որ երկիրն այդ օրերուն ալ ունէր բազում խնդիրներ, սակայն աւելի քան բացայայտ է, որ այսօր Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական խորունկ տագնապը ունի նաեւ քաղաքական խորքայնութիւն, որ կրնայ երկարիլ այնքան ժամանակ, որ Լիբանանի շուրջ առկայ սրացումները եւ տիրող լարուածութիւնը տակաւին չեն փարատած։
Որոշ ժամանակ մը «կայուն» մնալէ ետք այս առաւօտ ամերիկեան տոլարի սակը դարձեալ բարձրանալ սկսաւ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ալ Նահար»էն։
Աղբիւրը մասնաւորապէս կը նշէ, որ մինչ անցնող օրերուն մէկ ամերիկեան տոլարի դիմաց լիբանանցիք պէտք է վճարէին մինչեւ 22.000 լիրա, այսօր արդէն անոնք մէկ տոլար գնելու համար պարտաւոր են վճարել 24.200 լիրա։
Ըստ կարգ մը մասնագէտներու այս սակը կրնայ մագլցում արձանագրել ու չի բացառուիր, որ տոլարը հատէ 26.000-ի շէմը։
Յիշեցնենք, որ 2019 թուականին ընթացք առած եւ Լիբանանը բազմակողմանի առումներով ցնցած Whats Up-ի յեղափոխութիւնէն առաջ (որ միայն չարիք դարձաւ երկրին) տոլարի սակը 1515 լիբանանեան ոսկի էր։