Դրական եւ ողջունելի քայլ պէտք է համարել Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ վարժարանի եւ տնօրէն Արամ Գարատաղլեանի նախաձեռնութիւնն ու շարունակական ճիգերը՝ աշակերտներուն եւ շրջանաւարտներուն համար նոր կրթական կարելիութիւններ ստեղծելու ուղղութեամբ։ Օրերս AUST համալսարանին հետ ստորագրուած համաձայնագիրը այդ հետեւողական աշխատանքին նոր եւ արժէքաւոր արդիւնքներէն մին է։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրեց American University of Science and Technology (AUST) համալսարանին հետ՝ նպատակ ունենալով ընդլայնել վարժարանի աշակերտներուն, շրջանաւարտներուն, ուսուցչական եւ վարչական կազմին, ինչպէս նաեւ անոնց անմիջական ընտանիքի անդամներուն կրթական կարելիութիւնները։
Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ 18 Օգոստոս 2026-ին, AUST համալսարանին մէջ (Կեդրոնը՝ Էշրէֆիէ), համալսարանի նախագահ դոկտ. Ռիատ Սաքրի եւ Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Տիար Արամ Գարատաղլեանի միջեւ։
Համագործակցութեան ծիրէն ներս, Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանի շրջանաւարտները, ուսուցչական ու վարչական կազմի անդամները եւ անոնց անմիջական ընտանիքի անդամները պիտի օգտուին յատուկ կրթաթոշակներէ՝ AUST-ի նախաւարտական կամ բարձրագոյն ուսման ծրագիրներուն արձանագրուելու պարագային։
Ակնառու յաջողութիւն արձանագրած աշակերտները նաեւ պիտի կրնան դիմել արժանիքի հիման վրայ տրամադրուող կրթաթոշակներու, որոնք կրնան ծածկել ուսման վարձքի մինչեւ 100 տոկոսը՝ լիբանանեան Պաքալորէայի քննութիւններուն կամ SAT-ի արդիւնքներուն հիման վրայ։
Այս համագործակցութիւնը կը միտի դիւրացնել աշակերտներուն անցումը միջնակարգ կրթութենէն համալսարանական ուսման՝ միաժամանակ ամրապնդելով երկու կրթական հաստատութիւններուն ընդհանուր յանձնառութիւնը՝ կրթութեան մէջ ներդրում կատարելու, երիտասարդ սերունդը հզօրացնելու եւ զանոնք գիտելիքով, վստահութեամբ ու գերազանցութեան ոգիով ապագային առաջնորդելու ուղղութեամբ։


