image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութ. Համահայրենակցական միութիւններու խորհրդակցական հանդիպում

Պէյրութ. Համահայրենակցական միութիւններու խորհրդակցական հանդիպում

Պէյրութի մէջ, օրերս տեղի ունեցած է համահայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներու խորհրդակցական հանդիպում մը, նպատակ ունենալով վերաշխուժացնել հայրենակցական միութիւններու դերը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Ստորեւ՝ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ։

Հինգշաբթի, 13 նոյեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ համահայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներու խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան միութիւններու վարչութիւններուն ատենապետները:

Նախաձեռնութիւնը կը միտէր վերաշխուժացնել հայրենակցական միութիւններու դերը եւ անոնց հայապահպանման աշխատանքին սատար հանդիսանալ:

Հանդիպումին ներկայ էին Այնթապի, Ամանոսի, Տէօրթեօլ-Չորք Մարզպանի, Հաճնոյ, Պաղջէի, Լափաճի, Սասնոյ, Մուսա լերան, Մարաշի, Պէրէճիկի, Համախարբերդի, Ռումտիկին-Քելլելի եւ Եոզկաթի հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները:

Հանդիպումին բացման խօսքը արտասանեց եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Հայրենակցական միութիւններու յանձնախումբի անդամ Սեւան Կարապետեան-Ադամեան, որ իր խօսքին մէջ ընդգծեց հայրենակցական միութիւններու կարեւորութիւնը` հաւաքական յիշողութեան պահպանման, մշակութային, դաստիարակչական եւ պահանջատիրական մարզերուն մէջ:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Արծիւ Տէր Խաչատուրեան, որ շեշտեց նման նախանձախնդրութեան կարեւորութիւնը` հայրենակցական միութիւններու աշխատանքին վերաբերեալ եւ քաջալերեց հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները, որպէսզի աւելի մօտէն հետեւին աշխատանքներուն:

Այնուհետեւ հայրենակցական միութիւններէն իւրաքանչիւրին ներկայացուցիչը զեկուցեց իր միութեան այսօրուան պարզած վիճակին ու պայմաններուն մասին` թէ՛ վարչական, թէ՛ նիւթական, եւ թէ՛ կազմակերպչական դժուարութիւններուն վերաբերող ընդարձակ զեկուցում ներկայացնելով:

Որոշուեցաւ, որ յառաջիկային իւրաքանչիւր հայրենակցական միութիւն վերադասաւորումներ կատարէ` վերաշխուժացնելու համար հայրենակցական միութիւններու կեանքը: