Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը CNBC-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ «Ճօ Պայտընի եւ Սպիտակ տան լիարժէք համագործակցութիւնն Իսրայէլի մէջ Նաթանիահուի նման աւազակներու հետ տարածաշրջանի անապահովութեան հիմքն է»։
Ան նաեւ ըսած է, որ Իրանը կ՚ուզէ, որ Միացեալ Նահանգները «դադրեցնէ Կազայի մէջ պատերազմը» եւ ընդգծած, որ Կարմիր ծովու անվտանգութիւնը կարեւոր է Իրանի համար։