Ֆրանսայի մէջ հանդիպած են Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ նախագահները: Ճօ Պայտըն յայտարարած է Քիեւին 225 միլիոն տոլարի աջակցութեան նոր փաթեթի մասին:
Բացի այդ, ամերիկեան լրատուամիջոցներու տուեալով՝ Սպիտակ տան ղեկավարը ներողութիւն խնդրած է, որ ռազմական մատակարարումները կը դանդաղին:
«Այնուհանդերձ, մենք երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ Ուքրանիոյ կողքին պիտի ըլլանք», - դիմած է Պայտընը Զելենսքիին:
Ամերիկեան նոր փաթեթը պիտի ներառէ հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներ, Stinger հրթիռներ, Javelin եւ AT-4 հակաթանկային համակարգեր, հրետանային զէնք, զրահամեքենաներ, պարեկային նաւակներ եւ այլ սարքաւորումներ: