Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մեղադրած է նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը՝ Միացեալ Նահանգներու Դաշնային օդագնացութեան վարչութեան գործունէութեան փլուզման մէջ՝ կապուած երկրի օդակայաններուն մէջ վերջերս արձանագրուած համատարած խափանումներուն հետ։
Ուրբաթ օր, պատմութեան մէջ միայն երրորդ անգամ, արհեստագիտական խափանումի պատճառով ԱՄՆ-ի օդակայաններուն մէջ ժամանակաւորապէս դադրեցուած են բոլոր թռիչքները։ Խափանումը տեւած է 4,5 ժամ։ Փոխադրութեան նախարար Շոն Տաֆիի համաձայն՝ ամերիկեան իշխանութիւնները կը կարծեն, որ խնդիրը յառաջացած է ծրագրուած տեխնիկական սպասարկման ընթացքին հինցած ելեկտրալարերը փոխարինելու փորձին հետեւանքով։
«Պայտընի վարչակազմը աղէտ դարձած է ԱՄՆ-ի Դաշնային օդագնացութեան վարչութեան համար։ Անոնք կը վնասեն ամէն ինչ, որուն կը դպչին։ Անխոհեմ կերպով հսկայական գումարներ ծախսուած են՝ արդէն իսկ հինցած եւ խափանուած համակարգը ձգելով աւելի վատ վիճակի մէջ, քան նախկինին էր», գրած է Թրամփ իր Truth Social ընկերային հարթակին վրայ։
Ան ընդգծած է, որ իր վարչակազմը օդային երթեւեկութեան կառավարման համակարգի բարելաւման ծրագիր ունի եւ կոչ ուղղած է ԱՄՆ-ի Քոնկրեսին՝ անյապաղ վաւերացնելու անհրաժեշտ ֆինանսաւորումը։
Թրամփ խոստացած է, որ իր ծրագիրի իրականացումէն ետք ԱՄՆ-ի օդային երթեւեկութեան կառավարման համակարգը պիտի դառնայ աշխարհի լաւագոյնը։