ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն արձագանգած է ընտրութիւններուն իր մրցակից Տանըլտ Թրամփի՝ այս շաբաթ կրկին բանավիճելու առաջարկին: Խօսնակի միջոցով տարածած յայտարարութեան մէջ ան մերժած է այդ առաջարկը, գրած է Daily Mail-ը:
«Փոխարէնը մենք Տանըլտ Թրամփին մարտահրաւէր կը նետենք աշխատատեղեր ստեղծելու. անոր օրօք փակուաղ է 3 միլիոն աշխատատեղ: Թրամփին մարտահրաւէր կը նետենք Փութինին դէմ կանգնելու, սակայն ան անոր առջեւ ծունկի եկած է: Թրամփին մարտահրաւէր կը նետենք հետեւելու օրէնքին, բայց ան խախտած է այն: Թրամփին մարտահրաւէր կը նետենք չկործանելու մեր երկիրը, ինչը ինք կը պատարաստուի ընել 2025-ի իր նախագիծին մէջ», - նշած է ԱՄՆ նախագահը:
Յայտարարաութեան աւարտին ըսուած է, որ «Պայտըն Թրամփի տարօրինակ չարաճճիութիւններու համար ժամանակ չունի, քանի որ զբաղուած է ԱՄՆ-ն ղեկավարելով եւ ազատ աշխարհը պաշտպանելով»: