Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած է իր երկրի պատրաստակամութեան մասին՝ աջակցելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ջանքերուն՝ ուղղուած կայուն խաղաղութեան ապահովման։
«Մենք կ'ողջունենք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի քայլերը՝ ուղղուած տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան ապահովման, եւ պատրաստ ենք աջակցելու այդ ջանքերուն»,- ըսուած է 28 մայիսի առիթով նախագահ Իլհամ Ալիեւին ուղղուած՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:
Նախագահ Պայտըն նաեւ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները ջանքեր կը գործադրէ խորացնելու համագործակցութիւնը Ատրպէյճանի հետ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային խնդիրներու, ներառեալ կլիմայի փոփոխութեան եւ կանաչ ջերմուժի անցնելու հարցերուն մէջ։