Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու 26 նոյեմբերին տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին համաձայնած են շարունակել աշխատանքը Կազայի հատուածին մէջ պատանդները ազատելու համար:
«Առաջնորդները պայմանաւորուած են շարունակել աշխատիլ պատանդառուած բոլոր մարդոց ազատելու ուղղութեամբ»,-ըսուած է Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Բացի այդ, Պայտըն եւ Նաթանիահու պայմանաւորուած են յառաջիկայ օրերուն այդ հարցի շուրջ շարունակել իրենց շփումները։
Միացեալ նահանգներու ղեկավարը ողջունած է պատանդներէն մի քանիի ազատ արձակումը: Անոնց շարքին եղած է նաեւ ամերիկուհի մը:
Միաժամանակ Պայդտըն X-ի էջին գրած է, որ «Համաս»-ի եւ Իսրայէլի հակամարտութեան միակ լուծումը կ՚ապահովէ պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը:
«Համաս»-ը Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան կողմէ ճանչցուած է որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն:
«Երկպետութեան լուծումը միակ ճանապարհն է, որ կ՚երաշխաւորէ ինչպէս Իսրայէլի, այնպէս ալ Պաղեստինի երկարաժամկէտ անվտանգութիւնը, կ՚ապահովէ, որ ե՛ւ իսրայէլացիները, ե՛ւ պաղեստինցիները կարենան ապրիլ ազատութեան եւ արժանապատւութեան հաւասար պայմաններու մէջ: Մենք չենք հրաժարիր այդ նպատակին հասնելու ջանքերէն»,- գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
«Համաս»-ի ներկայացուցիչ Ուսամա Համտանն, իր հերթին, Al Jazeera հեռուստակայանի թղթակցի հետ զրոյցին ըսած է, թէ հարցը լուծելու համար Իսրայէլը պէտք է դադրեցնէ յարձակումը Կազայի գօտիին մէջ եւ կատարէ Պաղեստինի ժողովուրդի նկատմամբ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները: