image
Հրատապ լուրեր:

Պայտըն եւ Նաթանիահու պատանդներու ազատութեան համար յաւելեալ ճիգեր պիտի գործադրեն

Պայտըն եւ Նաթանիահու պատանդներու ազատութեան համար յաւելեալ  ճիգեր պիտի գործադրեն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու 26 նոյեմբերին տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին համաձայնած են շարունակել աշխատանքը Կազայի հատուածին մէջ պատանդները ազատելու համար:

«Առաջնորդները պայմանաւորուած են շարունակել աշխատիլ պատանդառուած բոլոր մարդոց ազատելու ուղղութեամբ»,-ըսուած է Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Բացի այդ, Պայտըն եւ Նաթանիահու պայմանաւորուած են յառաջիկայ օրերուն այդ հարցի շուրջ շարունակել իրենց շփումները։

Միացեալ նահանգներու ղեկավարը ողջունած է պատանդներէն մի քանիի ազատ արձակումը: Անոնց շարքին եղած է նաեւ ամերիկուհի մը:

Միաժամանակ Պայդտըն X-ի էջին գրած է, որ «Համաս»-ի եւ Իսրայէլի հակամարտութեան միակ լուծումը կ՚ապահովէ պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը:

«Համաս»-ը Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան կողմէ ճանչցուած է որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն:

«Երկպետութեան լուծումը միակ ճանապարհն է, որ կ՚երաշխաւորէ ինչպէս Իսրայէլի, այնպէս ալ Պաղեստինի երկարաժամկէտ անվտանգութիւնը, կ՚ապահովէ, որ ե՛ւ իսրայէլացիները, ե՛ւ պաղեստինցիները կարենան ապրիլ ազատութեան եւ արժանապատւութեան հաւասար պայմաններու մէջ: Մենք չենք հրաժարիր այդ նպատակին հասնելու ջանքերէն»,- գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Համաս»-ի ներկայացուցիչ Ուսամա Համտանն, իր հերթին, Al Jazeera հեռուստակայանի թղթակցի հետ զրոյցին ըսած է, թէ հարցը լուծելու համար Իսրայէլը պէտք է դադրեցնէ յարձակումը Կազայի գօտիին մէջ եւ կատարէ Պաղեստինի ժողովուրդի նկատմամբ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները: