Թուրքիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ընդգծած է, որ Հայաստան–Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը ժամանակի հարց է, որ կը պահանջէ հետեւողականութիւն, աշխուժ աշխատանք եւ կառուցողական երկխօսութիւն։
Ան նաեւ յայտնած է, որ կը պատրաստուի Հայաստան հրաւիրել Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը՝ մասնակցելու 2026 թուականի գարնան Երեւանի մէջ կայանալիք Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին, որ պիտի կազմակերպուի նաեւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ։
«Յոյս ունեմ, որ արդէն յաջորդ տարի մեր հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանում»,-ըսած է Փաշինեանը։
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ներկաներուն մասնակցութեան համար։ Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Թուրքիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները աւելի յաճախ կ՚այցելեն Հայաստան:
«Գիտեմ ձեզնից շատերը որոշակի պարբերութեամբ այցելում են Հայաստան, յոյս ունենք յաճախ ձեզ տեսնել Հայաստանում, մանաւանդ որ Ստամբուլ-Երեւան չուերթ կայ: Յոյս ունեմ՝ մի իքս պահի ցամաքային սահմանը կը բացուի, յոյս ունեմ նաեւ Հայաստանում տնտեսական գործունէութիւն կը ծաւալէք»,- նշած է Փաշինեանը:
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթին մէջ: