image
Հրատապ լուրեր:

Պատերազմի առաջին տարելից. Ստեփանակերտի մէջ «Լռութեան ժամ» պիտի յայտարարուի

Պատերազմի առաջին տարելից. Ստեփանակերտի  մէջ «Լռութեան ժամ» պիտի յայտարարուի

Արցախի Հանրապետութեան պետական համապատասխան յանձնաժողովի որոշմամբ՝ 27 Սեպտեմբերն, ժամը 11:00-ին, հանրապետութեան ամբողջ տարածքին պիտի յայտարարուի մէկ րոպէ լռութիւն՝ ի յիշատակ 2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի զոհերուն:

Արցախի նախագահի աշխատակազմէն կը յայտնեն, որ նոյն օրը, ժամը 10:30-ին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի կողմէ՝ Արցախի Հանրապետութեան բոլոր գործող եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն Հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոս զաւակներու հոգիներու խաղաղութեան համար։