image

«Պարզապէս իշխանութեան ղեկին մնալու համար» «Քոմէրսանթ»ի անդրադարձը

«Պարզապէս իշխանութեան ղեկին մնալու համար» «Քոմէրսանթ»ի  անդրադարձը

Ռուսական «Քոմէրսանթ» պարբերականէն կը կարդանք, թէ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի մասին յայտարարութիւնը, պարզապէս իշխանութեան ղեկին մնալու համար է:

«Հայաստանի վարչապետը առաջին անգամ յայտարարած է իր հրաժարականի ժամկէտի մասին. ան մտադիր է այդ քայլին երթալ ապրիլին: Ի հարկէ, այդ քայլը բնաւ չի նշանակեր, որ ան կը հեռանայ քաղաքական բեմահարթակէն. հրաժարականը պէտք է միայն արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ նշանակելու համար, որոնց իշխող «Իմ քայլը» կուսակցութիւնը մտադիր է մասնակցիլ եւ յաղթել», - գրած է պարբերականը:

Աղբիւրը ընդգծած է, որ արմատական ընդդիմութեան ներկայացուցիչները ընդունած են Փաշինեանի մարտահրաւէրը` յայտարարելով, որ ընտրութիւնները պէտք է փոխակերպուին «Հայրենիքի փրկութեան եւ դաւաճանի հեռացման ընդհանուր ծրագրի»:

Յիշեցնենք, որ ապրիլին հրաժարական ներկայացնելու մասին Փաշինեան յայտարարած է 28 մարտին, Արարատի մարզ կատարած այցելութեան ընթացքին:

Պարբերականը նաեւ նկատել տուած է, թէ Փաշինեանի հրաժարականը բարդ, բայց անխուափելի ճանապարհ է ընտրութիւններու նշանակման ընթացակարգ սկսելու համար:

Փաստօրէն, ասիկա քաղաքական շահարկում է. Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականէն ետք խորհրդարանը, ուր անոր կողմնակիցները մեծամասնութիւն են, երկու անգամ փորձ պիտի ընէ նշանակել կառավարութեան նոր ղեկավար: Բայց անոնք պիտի ձեւացնեն, թէ չեն գտներ արժանի թեկնածուներ, եւ որմէ ետք խորհրդարանը կ'ինքնալուծարուի: 2018-ի Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները նշանակուած էին նոյն կերպով, երբ «թաւշեայ յեղափոխութենէն» յետոյ, Նիկոլ Փաշինեան անհրաժեշտ գտաւ ազատիլ այն խորհրդարանէն, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան վերահսկողութեան տակ էր:

Ըստ պարբերականին, Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի մասին յայտարարութենէն առաջ, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած է մէկ այլ կարեւոր իրադարձութիւն: Աղմկայարոյց քրէական գործը, որու ծիրէն ներս Փաշինեանի գլխաւոր քաղաքական մրցակիցը՝ Հայաստանի նախկին նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեան, եւ ՀՀ քանի մը այլ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ մեղադրուած են «սահմանադրական կարգի տապալման համար», յայտնուած է փլուզման եզրին:

Այդ տեղի ունեցած է երկրի Սահմանադրական դատարանի ուրբաթ օրուայ որոշումով, ըստ որու՝ Քրէական օրէնսգրքի համապատասխան յօդուածը կը հակասէ հիմնական օրէնքին:  Քոչարեանի փաստաբանները նշած են, որ այժմ իրենց պաշտպանեալի նկատմամբ քրէական հետապնդումը պէտք է դադարեցուի: Եթէ այդ տեղի ունենայ, Նիկոլ Փաշինեանին մարտահրաւէր նետած նախկին նախագահ՝ Քոչարեան, ըստ փորձագէտներուն, ամբողջութեամբ կը մտնէ նախընտրական մրցավազք, որպէս քաղաքական մենամարտի առաջին փուլի յաղթող: