image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Մեհմետ Օզը իրաւունք չունի մնալու իր պաշտօնին

Խմբագրական «Մասիս»ի. Մեհմետ Օզը իրաւունք չունի մնալու իր պաշտօնին

Ամերիկահայութիւնը զարմանքի ու վրդովմունքի զգացումներով ականատես եղաւ Ամերիկայի առողջապահական պետական ապահովագրութեան ծառայութեան կառավարման մարմինի ղեկավար` Մեհմետ Օզի  խտրականութիւն  ու ատելութիւն սերմանող տեսաժապաւէնին վրայ անոր ունեցած ելոյթին, որ անյարիր է պետական բարձր պաշտօն զբաղեցնող անձի մը, որուն վստահուած է աւելի քան 160 միլիոն ամերիկացի երէցներու եւ հաշմանդամութիւն ունեցողներու առողջապահական խնամքը:

Մեհմետ Օզ յայտնի անձնաւորութիւն մըն էր Ամերիկեան լայն հասարակութեան համար նախքան իր քաղաքական ասպարէզ մուտք գործելը: Ան երկար տարիներ հեռատեսիլի վրայ կը վարէր«Տոքթ. Օզ» անուամբ բժշկական յայտագիր մը, ու այդ անունով ալ ծանօթ դարձաւ շատերու: 2022-ի Փենսիլվանիա նահանգէն ներս տեղի ունեցող Ծերակոյտի ընտրութիւններուն Տոքթ. Օզ ներկայացուց իր թեկնածութիւնը` վայելելով Տանոլտ Թրամփի զօրակցութիւնը: Այդ ընտրութիւններուն առթիւ մեծ հարց դարձաւ Տոքթ. Օզի Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի երկքաղաքցի ըլլալու հանգամանքը: Մրցակից թեկնածուները խնդրոյ առարկայ դարձուցին այդ պարագան, մտահոգութիւն յայտնելով, որ Ծերակոյտի անդամները կը ծանօթանան խիստ գաղտնի տեղեկութիւններու եւ այլ երկրի քաղաքացին կրնայ վտանգ ներկայացնել Ամերիկային` ազգային անվտնգութեան տեսանկիւնէն:

Այդ ընտրութիւններուն Տոքթ. Օզ յաջողութեան չհասաւ` պարտուելով Դեմոկրատ թեկնածուին դէմ: Վերընտրուել ետք նախագահ Թրամփ Ծերակոյտի կողմէ հաստատման համար ներկայացուց անոր  թեկնածութիւնը` որպէս պետական առողջապահական մարմիններու կառավարիչ, ու ան հաստատուեցաւ Հանրապետական մեծամասնութեան ձայներով: Հայկական շրջանակները օրին մտահոգութիւն յայտնեցին Մեհմետ Օզի պաշտօնի ստանձման կապակցութեամբ, նկատի ունենալով անոր ունեցած սերտ յարաբերութիւնը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճիպ Էրտողանի հետ:

Նոյնիսկ ամենէն յոռետեսներուն համար, անսպասելի էր, որ ան կ’ունենայ  նման բացայայտ հակահայ դրսեւորում` ազգութիւն մը մատնացոյց ընելով որպէս խարդախութեան  հետ առնչուողներ: Իրականութեան մէջ սակայն, Օրինապահ մարմինները յաճախ կը բացայայտեն  կատարողներ, որոնք կը պատկանին Ամերիկայի ժողովուրդի բաղկացուցիչ բոլոր խաւերուն: Տոքթ. Օզի կողմէ Հայերու առանձնացումը յստակօրէն  կը հետապնդէ յատուկ նպատակ: Կասկածներ կան, որ Տոքթ. Օզ քաջալերուած է Մինիսոթա նահանգէն ներս տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն, որոնք ծայր առին երբ համացանցի վրայ հրապարակուեցաւ տեսաժապաւէն մը` մեղադրելով տեղւոյն Սոմալական համայնքը, թէ անոնք մանկամսուրներու անուան տակ միլիառաւոր տոլարներու գումարներ կ’իւրացնեն պետական նպաստներէն: Այդ հարցը մեծ աղմուկ բարձրացուց Թրամփի կողմնակիցներուն մօտ ու այդ ալիքին յաջորդեց գաղթականական ու սահմանային հսկողութեան զօրքերու ժամանումը Մինիափոլիս քաղաքը, ուր մի քանի շաբաթէ ի վեր տեղի կ’ունենան բախումներ  ցուցարարներու եւ այդ զօրքերուն միջեւ, որոնց ընթացքին սպաննուեցան երկու քաղաքացիներ: Արդեօ՞ք Տոքթ. Օզ թաքուն նպատակ կը հետապնդէր` Հայութեան դէմ լարելու տեղացի ժողովուրդը, որոնց մէջ կան մարդիկ, որոնք դժգոհ են օտար ազգութիւններու ներկայութենէն, եթէ նոյնիսկ անոնք երկար տարիներու Ամերիկայի օրինաւոր քաղաքացիներ են:

Բարեբախտաբար այս պարագային Ամերիկացի քաղաքական բարձրաստիճան գործիչներու, որոնք շարքին Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կէվըն Նիւսըմ եւ Ծերակուտական Ատամ Շիֆ, ինչպէս նաեւ Հայկական կազմակերպութիւններու հակազդեցութիւնը եղաւ շատ արագ` արժանանալով Ամերիկեան մամուլի եւ լրատուամիջոցներու ուշադրութեան:

Մեհմետ Օզ առայժմ կը հրաժարի բացատրութիւն տալ իր արարքին համար, հաւանաբար հասկնալով, որ ոչ մէկ արդարացում ունի ամբողջ ազգ մը մեղադրելու խարդախութեան մէջ ու զանոնք դարձնելու ատելութեան թիրախ: Մեհմետ Օզէն կը պահանջուի ներողութիւն խնդրել իր պատճառած բարոյական վնասին համար, այլապէս ան իրաւունք չունի մնալու իր պաշտօնին վրայ:

 

Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»