image
Հրատապ լուրեր:

Պարեկային ծառայութիւնը ունի նոր պետ

Պարեկային  ծառայութիւնը ունի  նոր պետ

Ապրիլ 20-ին տեղի ունեցած է ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան պարեկային ծառայութեան պետի թափուր պաշտօնը զբաղցնելու համար մրցոյթ։ Յաղթող ճանչցուած է Արթուր Խուդինեանը: Այս մասին յայտնած են ՆԳ նախարարութենէն:

Մրցոյթին մասնակցած են ինչպէս մրցութային յանձնաժողովը, այնպէս ալ ՀՀ ՆԳՆ ոստիկանութեան պարեկային ծառայութեան պետի թափուր պաշտօնի համալրման նպատակով ստեղծուած խորհրդատուական-աշխատանքային յանձնաժողովը։

Մրցոյթին մասնակցած են 4 անձ՝ Արթուր Խուդինեան, Էդգար Սուսլիեան, Արծրուն Շախկեան եւ Անդրանիկ Սողոմոնեան։ Քննութեան փուլը յաղթահարած են 3-ը, իսկ հարցազրոյցի փուլը յաղթահարած է Արթուր Խուդինեանը։

Մրցութային յանձնաժողովը ՀՀ ներքին գործոց նախարարին ներկայացուցած է Արթուր Խուդինեանը պաշտօնին նշանակելու առաջարկութիւնը, միաժամանակ թեկնածուի վերաբերեալ համաձայնային կարծիք ունեցած է նաեւ խորհրդատուական-աշխատանքային յանձնաժողովը։