image

«Թրամփի ուղի»ի վրայ մաքսային ծառայութիւնը պիտի գործէ, կը վերահաստատեմ. ՊԵԿ նախագահ

«Թրամփի ուղի»ի վրայ մաքսային ծառայութիւնը պիտի գործէ, կը վերահաստատեմ. ՊԵԿ նախագահ

Այո՛, «Թրամփի ուղ»իի վրայ մաքսային ծառայութիւնը պիտի գործէ, կը վերահաստատեմ: Այս մասին ԱԺ-ի մէջ յայտարարած է Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Էտուարտ Յակոբեանը՝ պատասխանելով «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի հարցին:

Մինասեանը մասնաւորապէս հարցուցած է՝ արդեօք «Թրամփի ուղի»-ով պիտի գործէ մաքսային համակարգ եւ նշած, որ վերոնշեալ ուղիի մասով բազմաթիւ մեղադրանքներ հնչած են եւ յստակութեան կարիք կայ։

««Թրամփի ուղու» հետ կապուած ես ինքս վերջին հարցազրոյցներից մէկում պարզաբանում տուել եմ եւ նշուածը ենթադրում է մաքսային ծառայութեան առկայութիւն:  Մէկ անգամ եւս վերահաստատում եմ, այո՛, մաքսային ծառայութիւնը այդտեղ գործելու է»,-ըսած է Յակոբեանը:

Անոր խօսքով՝ ինչ կը վերաբերի մանրամասնութիւններուն, ատոնք դեռ քննարկման առարկայ են։

«Այնուամենայնիւ, մեր մաքսային քաղաքականութիւնը տոտալ է»,-ըսած է ՊԵԿ նախագահը։